Չորեքշաբթի, 25. 02. 2026

spot_img

Թրամփ Անկախութեան Տօնին Առիթով Շնորհաւորական Նամակ Յղեց Հարիրիին Եւ Աունին

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ- Երկուշաբթի ԱՄՆ նախագահ Տոնալտ Թրամփ շնորհաւորական նամակ յղեց վարչապետի պաշտօնակատար Սաատ Հարիրիին եւ նախագահ Միշէլ Աունին, ուր ան անկախութեան տօնին առիթով բարեմաղթանքներ կատարեց բովանդակ Լիբանանի ժողովուրդին: Այս մասին կը տեղեկանանք վարչապետի պաշտօնակատարի տեղեկատուական գրասենեակի, ինչպէս նաեւ նախագահի թուիթըրեան յայտարարութենէն:
Իր նամակին մէջ Թրամփ բարձր գնահատեց Մայիսին տեղի ունեցած խորհրդարանական ընտրութիւններն ու Լիբանանի կառավարութիւնը: «Մենք գիտակից ենք այն բարելաւումներուն, զորս Լիբանանի կառավարութիւնը արձանագրեց անցեալ տարի, ինչպէս՝ օրէնսդրական յաջող ընտրութիւններն ու ահաբեկչութեան դէմ կայուն պայքարը»:   

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին