«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ-«Ազրպէյճանի ժողովրդական ճակատ» կուսակցութեան նախագահ, ընդդիմադիր Ալի Քերիմլին Նոյեմբեր 19ին ազատ արձակուած է Պաքուի Սապայիլի շրջանի դատարանի դահլիճէն:
Այս մասին, ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»ը, կը յայտնէ ազրպէյճանական «Թուրան» լրատուական գործակալութիւնը:
Ալի Քերիմլին չարտօնուած ցոյց կազմակերպելու եւ անոր մասնակցելու համար մեղաւոր հռչակուած է վարչական իրաւախախտման յատկանիշներով եւ տուգանուած 2500 մանաթի չափով:
Պաքուի մէջ Նոյեմբեր 17ին ոստիկանութիւնը ձերբակալած էր «Ազրպէյճանի ժողովրդական ճակատ» կուսակցութեան նախագահ Ալի Քերիմլին եւ անոր կողմնակիցները: Ի նշան բողոքի՝ ոստիկանութեան բաժանմունքին մօտ հաւաքուած էին «Ազրպէյճանի ժողովրդական ճակատ»ի զգալի թիւով կողմնակիցներ: