Չորեքշաբթի, 25. 02. 2026

spot_img

ՌԴ Նախագահ Վլատիմիր Փութին Կը Մեկնի Թուրքիա

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ- Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութին աշխատանքային մէկօրեայ այցով Նոյեմբեր 19ին կը մեկնի Թուրքիա:

Այս մասին, ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»ը, կը յայտնեն թրքական լրատուամիջոցները:

Տեղեկութեան համաձայն՝ Վլատիմիր Փութին Թուրքիոյ նախագահի հետ Իսթամպուլի մէջ պիտի մասնակցի «Թրքական հոսք» կազատարի ծովային հատուածի շինարարական աշխատանքներու աւարտին նուիրուած տեսաժողովին:

Այցի ծիրէն ներս Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահը հանդիպում պիտի ունենայ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ, որուն ժամանակ պիտի քննարկուին ռուս-թրքական յարաբերութիւններու եւ տարածաշրջանին մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններու հետ կապուած շարք մը հարցեր:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին