Հինգշաբթի, 26. 02. 2026

spot_img

Պէտք Է Անյապաղ Եւ Առանց Վարանելու Շարունակել Մարդիկ Բերել Այստեղ. Իլ Տը Ֆրանս Տարածաշրջանի Նախագահը՝ Ծիծեռնակաբերդի Յուշահամալիրին Մէջ

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ- Ֆրանսայի Իլ տը Ֆրանս տարածաշրջանի նախագահ Վալերի Փեքրեսը խորապէս ցնցուած է Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկով եւ այն պատկերներէն, որոնք փակցուած են պատերուն։ Ան նաեւ խորապէս հասկցած է, թէ ի՛նչ մեծ քանակութեամբ քաղաքական ուղերձներ կը յղէ թանգարանը: Այս մասին Վալերի Փեքրեսը յայտնած է «Արմէնփրես»ի հետ զրոյցի ժամանակ։

Երեւանի քաղաքապետ Հայկ Մարութեանի հրաւէրով Հայաստան ժամանած Իլ տը Ֆրանս տարածարջանի նախագահ Վալերի Փեքրեսի գլխաւորած պատուիրակութիւնը այցելեց Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր եւ յարգանքի տուրք մատուցեց Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին: Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէնը տիկին Փեքրեսին ներկայացուց Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յաւերժացնող Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրի ստեղծման պատմութիւնը: Փեքրեսը նաեւ շրջայց կատարեց Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին մէջ, գրառում կատարեց թանգարանի յուշամատեանին մէջ:

Ան նշեց, որ 28 տարի առաջ այցելած է Երեւան եւ առաջին անգամ չէ, որ կ’այցելէ այս յուշահամալիրը, սակայն առաջին անգամ գտնուած է Հայոց ցեղասպանութեան թանգարանին մէջ:

Փեքրեսը նաեւ պատմեց, որ խորապէս ցնցուած էր, երբ այցելած էր Մուսայ լերան հերոսամարտի յուշահամալիրը, ուր իրեն ներկայացուցին, թէ ինչպէս ֆրանսացի նաւաստիները դէմ երթալով ընթացակարգերուն՝ յաջողեցան փրկել հայերը:

Իլ տը Ֆրանս տարածարջանի նախագահը Ծիծեռնակաբերդի ծառուղիին մէջ խորհրդանշական եղեւնի տնկեց:

Վալերի Փեքրեսի գլխաւորած պատուիրակութեան կազմին մէջ Երեւան ժամանած են Իլ տը Ֆրանսի շրջանի ընտրուած պաշտօնեաներ, հայկական համայնքի կազմակերպութիւններու, տնտեսական ոլորտի ներկայացուցիչներ, ձեռնարկատէրեր:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին