«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ- Արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ժպրան Պասիլ Կիրակի բացառեց տարածաշրջանային զարգացումներու առնչուածութիւնը կառավարութեան կազմաւորման յետաձգումին: Ան նաեւ խնդրեց, որ կողմերը միահամուռ կրեն այս հարցի լուծման պատասխանատուութիւնը:
«Կառավարութեան կազմաւորման յետաձգումը որեւէ կերպ աղերս չունի արտաքին պարագաներու կամ զարգացումներու,- շեշտեց Պասիլ:- Յուսանք, որ բոլոր կողմերուն առաջնահերթութիւնը կ’ըլլայ Լիբանանի շահերը, որպէսզի կարելի ըլլայ յաջողապէս կազմաւորել ազգային միասնական կառավարութիւն մը»,- ըսաւ ան:






