Հինգշաբթի, 03. 07. 2025

spot_img

Երեւանի Մեսրոպ Մաշտոցի Անուան Մատենադարանին Մէջ Տեղի Ունեցաւ Հայկազեան Հայագիտական Հանդէսի 38րդ Հատորի Շնորհանդէսը (լուսանկարներ, տեսերիզ)

 «Զարթօնք» Հայրենիքի Մէջ – 9 –

ՔՐԻՍԹԻՆԱ  ԱՂԱԼԱՐԵԱՆ

«Զարթօնք»ի Երեւանի Աշխատակից

 

Ուրբաթ, 16 Նոյեմբեր 2018ին, Երեւանի Մեսրոպ Մաշտոցի անուան Հին ձեռագիրերու Մատենադարան-հիմնարկի թանգարանային համալիրի տեսասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Պէյրութի Հայկազեան համալսարանի Հայագիտական հանդէսի 38րդ հատորի շնորհանդէսը, որուն ներկայ էին Հայաստանի, Սփիւռքի գիտամշակութային կեանքի կարկառուն ներկայացուցիչներ: Հանդէսի համարներուն մէջ կը տպագրուին ինչպէս Սփիւռքի, այնպէս ալ Հայաստանի երիտասարդ գիտնականներու յօդուածները: Թեմաները տարբեր են՝ սկսելով մշակոյթէն, հասնելով հայագիտական տարբեր թեմաներու, որոնք ուսումնասիրութեան լուրջ նիւթ կրնան դառնալ:

Շնորհանդէսին բացման խօսքով հանդէս եկաւ հանդէսի պատասխանատու խմբագիր Դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեանը, Մատենադարանի տնօրէն Վահան Տէր-Ղեւոնդեանը, Սփիւռքի մէջ գործող միակ հայկական բարձրագոյն ուսումնական հաստատութեան՝ Պէյրութի Հայկազեան համալսարանի նախագահ Վերապատուելի Դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանը, Երեւանի «Սփիւռք» գիտահետազօտական կեդրոնի ղեկավար Սուրէն Դանիէլեանը եւ այլք:

Դոկտ. Անդրանիկ  Տագէսեան «Զարթօնք»ի հետ զրոյցի ժամանակ նշեց, որ հայագիտութեան զարգացման, հայապահպանութեան գործին մէջ այս հանդէսի պարբերաբար հրատարակումը մեծ դեր ունի: Ինքը հանդէսի խմբագրակազմին մաս կը կազմէ 1993 թուականէն, երբ սկսաւ ամէն տարի լոյս ընծայուիլ: Այս տարի Հայկազեան հայագիտական հանդէսի տարբերութիւնը միւս հատորներէն այն է, որ այս  տարի փորձած են հայագիտութիւնը ներկայացնել աւելի ընդգրկուն, ոչ թէ միայն բանասիրական ուղղութեամբ: «Փորձած ենք հայագիտութիւնը ըմբռնել աւելի լայն ծիրով, ոչ թէ միայն դասական բանասիրութեամբ:  Մէկտեղած ենք բոլոր մարդասիրական նորութիւնները, հայութեան առնչուող խնդիրները մէկ հանդէսի մէջ: Մենք ճիգ կը գործադրենք երիտասարդները ներգրաւելու համար: Յատուկ աշխատանք կը տանինք անոր համար: Կը ցանկանք նաեւ մեր աշխարհագրութիւնը ընդլայնել, աշխարհի տարբեր վայրերէն մարդիկ ունենալ: Այսինքն՝ կ’ուզենք, որ սա համահաւաք ամպիոն ըլլայ»,- մեզի հետ զրոյցի ժամանակ ըսաւ Դոկտ. Տագէսեանը, ապա աւելցուց, որ կը ջանան հայագիտութիւնը արդիականացնել ու նախընտրութիւններ տալ նաեւ այսօրուան նիւթերուն:

Հայկազեան հայագիտական հանդէսի այս գիրքին մէջ տեղ գտած են բազմաթիւ կարեւոր ու արդիական թեմաներով յօդուածներ, ինչպիսիք են Արցախի թեմի ներկայ հանգրուանի մասին յօդուածը, Իրան-Հայաստան տնտեսական յարաբերութիւնները ներկայացնող աշխատութիւնը, Ջաւախքի խնդիրներուն մասին յօդուածը եւ այլն:  «Պէտք է այսօրուան խնդիրներուն վրայ ուշադրութիւն դարձնել, որոնք ռազմավարական փոքր քաղաքականութիւն ունին որպէս հիմք: Մենք կ’ուզենք հայագիտութիւնը պահպանել ու արդիականացնել, երիտասարդներ ներգրաւել, նաեւ հաղորդակցիլ: Այս անգամ հատորին մէջ ներկայացուցած ենք նաեւ հեղինակներու կենսագրութիւնները, տուեալները, որպէսզի հետաքրքրութիւն յառաջանալու պարագային հնարաւորութիւն ըլլայ իրենց հետ կապ հաստատելու»,- մանրամասնեց Անդրանիկ Տագէսեան:

Մեր հարցին՝ ի՞նչպէս կը գնահատէք այս տարիներու աշխատանքը հայագիտութեան պահպանման ու զարգացման գործին մէջ, մեր զրուցակիցը ըսաւ՝ գործերը, խնդիրները շատ են, իսկ իրենց ըրածը  այդ ամէնուն փոքր մասնիկը. «Ես կոչ կ’ընեմ, որ մենք այս աշխատանքները աւելի զօրակցաբար շարունակենք»: Հատորներու հրապարակման ֆինանսական բեռը դրուած է Հայկազեան համալսարանի ուսերուն վրայ:

Շնորհանդէսի ժամանակ Մատենադարանի տնօրէն Վահան Տէր-Ղեւոնդեանը իր խօսքին մէջ կարեւորեց Լիբանանի հայկական համայնքի դերը հայապահպանութեան գործին մէջ, ապա իր շնորհակալութիւնը յայտնեց հանդէսի նախկին ու ներկայ խմբագիրներուն, խմբագրակազմի աշխատակիցներուն: «Լիբանանի գաղութը շատ հայաշունչ կեդրոն է: Եթէ կը յիշէք, քաղաքացիական պատերազմի տարիներուն հանդէսը անխափան տպագրելը բաւական դժուար էր, այդուհանդերձ յաջողապէս տպագրուեցաւ: Պէտք է գնահատանքի խօսք ըսել բոլոր նախկին խմբագիրներուն՝ Երուանդ Քասունիին, Անդրանիկ վարդապետ Կռանեանին եւ ի հարկէ այսօրուան խմբագիրին՝ Անդրանիկ Տագէսեանին, Հայկազեան համալսարանի ղեկավարութեան եւ հոգաբարձուներու խորհուրդին»,- իր խօսքին մէջ ըսաւ Մատենադարանի տնօրէնը:

Ողջոյնի ու գնահատանքի խօսքով հանդէս եկաւ նաեւ Հայկազեան համալսարանի նախագահ Վերապատուելի Դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան: Իր խօսքով՝ յառաջիկայ տարիներուն իրենց հիմնական խնդիրն ու նպատակը պէտք է ըլլայ ոչ միայն անցեալով պարծենալը, այլեւ հին ու նոր ասպարէզներու վրայ կեդրոնանալը: «Հայագիտութիւնը պէտք է դիտել որպէս ապագայի գիտութիւն, զարգացող ու այլ գիտութիւններու հետ քայլ ընող: Պէտք է ապահովել սփիւռքահայ երիտասարդ ուսումնասիրողներու ներգրաւումը: Մեր Հայկազեանի դասախօսները աչալրջօրէն կը հետեւին Հայկազեանի այն շրջանաւարտներուն, որոնք հայագիտական աշխատանքի յոյսեր ունին կամ ծրագիրի մէջ են: Մենք կը ջանանք հետեւիլ անոնց, ներկայացնել, թէ ո՛վ ուր հասած է, որպէսզի օր մըն ալ զիրենք ներառենք այս աշխատանքներուն մէջ: Մենք պէտք է պահպանենք գիտական մակարդակը եւ շարունակաբար օգտագործել արդի մեթոտներ: Պէտք է լաւագոյնս օգտագործել թուային աշխարհի հնարաւորութիւնները, զարգացնել հայագիտական հանդէսներու, գիտաշխատողներու եւ հայագիտական միւս կեդրոններու միջեւ գործակցութիւնը, ինչը միշտ չէ որ գոյութիւն ունի»,- իր խօսքին մէջ մանրամասն խօսեցաւ Հայկազեան համալսարանի նախագահը:

Իր խօսքի աւարտին, Հայկազեան համալսարանի նախագահը յիշեցուց, որ Նոյեմբեր 22ին Լիբանանի անկախութեան օրն է, ու այդ առիթով  Մատենադարանին նուիրեց Լիբանանի խորհրդանիշ համարուող ծառի տեսքով յուշանուէր, որմէ ետք շնորհանդէսին ներկայ հիւրերը մեծ ոգեւորութեամբ ձեռք բերին հայագիտական հանդէսի 38րդ հատորը, որ բաղկացած է մօտ 800 էջէ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին