«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ- Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան Նոյեմբեր 17ին Լոս Անճելըս քաղաքին մէջ հանդիպում ունեցած է «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի ներկայացուցիչներուն հետ՝ կառոյցի գործադիր տնօրէն Հայկակ Արշամեանի գլխաւորութեամբ:
Ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրես»ը, Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութենէն կը տեղեկացնեն, որ քննարկուած են «Հեռուստամարաթօն 2018»ի ընթացքին եւ Արցախի մէջ շարք մը ծրագիրներու իրականացման վերաբերող հարցեր:
Հանդիպումին կը մասնակցէին Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արքեպիսկոպոս Մարտիրոսեանը եւ պաշտօնատար այլ անձինք:






