«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ- Նոր կառավարութեան մէջ Մուսթաքպալ շարժումէն անկախ խումբ մը սիւննի երեսփոխաններու ներկայացուցչութեան խնդիրը բացայայտօրէն ծրագրուած է: Այս մասին, ինչպէս կը փոխանցէ ազգային լրատուական գործակալութիւնը, Կիրակի դիտել տուաւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան առաջնորդ Սամիր Ժաաժաա:
«Հարցը այն է, թէ ինչո՞ւ չմասնակցեցան խորհրդարանական խորհրդակցութիւններուն իբրեւ մէկ պլոք: Այս հարցի յստակ պատասխանը այն է, որ Մարտ 8ի սիւննի երեսփոխաններուն համար պլոք չկայ: Անոնք ի մի բերուած էին վերջին մի քանի ամսուան ընթացքին՝ ճիշդ ժամանակին գործելու համար»,- ըսաւ Ժաաժաա:






