Չորեքշաբթի, 04. 02. 2026

spot_img

Կիրակնօրեայ Վարժարանի Աշակերտները Կ’այցելեն Վեհափառ Հայրապետին

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս յաճախակի առիթներով հանդիպումներ կ՚ունենայ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան առաքելութեան կիզակէտը դարձած նոր սերունդի ներկայացուցիչներու հետ։ Այս ծիրին մէջ Նորին Սրբութիւնը Կիրակի, 18 Նոյեմբեր 2018ին Անթիլիասի Մայրավանքի Վեհարանի դահլիճին մէջ յետ ս. եւ անմահ պատարագին ընդունեց Կիրակնօրեայ վարժարանի աշակերտները, ուսուցիչներն ու ծնողները։

Արդարեւ, Վեհափառ Հայրապետը  իր ուրախութիւնը յայտնեց ի տես ծնողներուն՝ քրիստոնէական դաստիարակութեան եւ արժէքներուն  հանդէպ ցուցաբերած նախանձախնդրութեան, եւ իր գնահատանքը յայտնեց փոքրիկներուն ու պատանիներուն, որոնք մասնակից կը դառնան Հայ եկեղեցւոյ կեանքին։ Ան բարձր գնահատեց նաեւ Կիրակնօրեայ վարժարաններուն կամաւոր ուսուցիչները, որոնք սիրալիր կերպով իրենց ժամանակը կը տրամադրեն այս սուրբ գործին։

Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ, որ Հայրապետն ու աշակերտները զրուցեն իրարու հետ, ինչպէս նաեւ փոքրիկներն ու ծնողները լսեն Նորին Սրբութեան յորդորները։ Աւարտին, ուսուցիչները, ծնողներն ու աշակերտները յիշատակի խմբանկար մը առին Վեհափառ Հայրապետին հետ։

Յայտնենք, որ նախքան Վեհափառ Հայրապետին հայրական խրատական խօսքը, Կիրակնօրեայ վարժարանի աշակերտները յատուկ յայտագիր մը (շարական, սաղմոս, երգ, նուագ) պատրաստած էին ներկայացնելու համար Նորին Սրբութեան։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին