Չորեքշաբթի, 04. 02. 2026

spot_img

Եգիպտոսի Մէջ ՀՀ Արտակարգ Եւ Լիազօր Դեսպան՝ Դոկտ. Արմէն Մելքոնեանի Ողջերթի Երեկոն

ՍԵՒԱՆ ՍԵՄԷՐՃԵԱՆ 

Գահիրէի Ազգային Առաջնորդարանի հովանաւորութեամբ կազմակերպուած ՀՀ Արտակարգ եւ Լիազօր Դեսպան՝ Դոկտ. Արմէն Մելքոնեանի ողջերթի երեկոն կայացաւ Նոյեմբեր 16-ին, «Պըլըքտանեան» սրահէն ներս։ 

Միջոցառման ներկայ էին՝ Եգիպտոսի Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տէր Աշոտ Ս. Եպսկ. Մնացականեան, ՀՀ Արտակարգ եւ Լիազօր Դեսպան՝ Դոկտ. Արմէն Մելքոնեան, Արժանապատիւ Տէր Յակոբ Քհնյ. Յակոբեան, Գահիրէի Թեմական Ժողովի ատենապետ Տիար՝ Նուպար Սիմոնեան, Գահիրէի Քաղաքական Ժողովի ատենապետ՝ Տիար՝ Վահէ Բլատեան, ինչպէս նաեւ ազգային իշխանութեան անդամներ, միութիւններու եւ տարբեր շրջանակներու վարչութեանց նախագահներ, ատենապետներ եւ մամուլի ներկայացուցիչներ։

Ողջերթի երեկոյին բացումը կատարեց Գերշ. Տէր Աշոտ Ս. Մնացականեան, որ հարազատօրէն  անդրադարձաւ Դոկտ. Արմէն Մելքոնեանի, Գահիրէի մէջ  որպէս ՀՀ Արտակարգ եւ Լիազօր Դեսպան  պաշտօնավարութեան շրջանին եւ առանձնապէս ընդգծեց այդ երկար տարիներու ընթացքին անոնց միջեւ կայացած մտերիմ բարեկամութիւնը։ 

Պէտք է նշել, որ մեծարգոյ Դեսպան՝ Դոկտ. Արմէն Մելքոնեան եղած է ՀՀ դեսպանութեան հիւպատոս՝  Գահիրէի (1994-1997), Լոս Անճելըսի (1998-2000) ապա Հալէպի մէջ (2002-2006)։

2006-2009 տարիներուն ընթացքին Դոկտ. Մելքոնեան եղած է ՀՀ Արտաքին Գործերու Նախարարութեան Միջին Արեւելքի բաժնին ղեկավարը, որմէ ետք, 2009-ին, սկսած է իր պաշտօնավարութիւնը Գահիրէի մէջ որպէս ՀՀ Արտակարգ եւ Լիազօր Դեսպան։

Գերշ. Տ. Աշոտ Սրբազան Հայրը բարի ճանապարհ  եւ նորանոր յաջողութիւններ մաղթեց մեկնող Դեսպանին եւ Գահիրէի Թեմական ու Քաղաքական ժողովներու ատենապետներուն հետ, գեղեցիկ յուշանուէր մը յանձնեց անոր։ 

Դոկտ. Արմէն Մելքոնեան շնորհակալութիւն յայտնեց Գերշ. Սրբազան Հօր,  յարգարժան ատենապետներուն, բոլոր միութիւններուն եւ անոնց  ղեկավարներուն, որոնք, ինչպէս նշեց մեծարգոյ դեսպանը, այս տարիներու ընթացքին իր եւ ՀՀ Դեսպանութեան կողքը ըլլալով՝ եղած են նաեւ հայրենիքի կողքը։ 

Դեսպանը առանձնապէս յիշատակեց, որ Եգիպտոսը իրեն համար սովորական առաքելութիւն մը չէ՛ր, այլ՝ 1994-էն սկսած բովանդակալից ճակատագիր մը, որ զգալիօրէն հարստացուցած էր իր կենսափորձը որպէս մարդ եւ դիւանագէտ։ 

Ճոխ հիւրասիրութեամբ եւ հաճելի երաժշտութեամբ շարունակուող մտերիմ ողջերթի երեկոյին ընթացքին, ներկաները իրենց բարեմաղթանքները յայտնեցին մեկնող մեծարգոյ դեսպանին եւ առ ի յիշատակ՝  նկարուեցան անոր հետ։  

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին