«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ- Մարոնիներու պատրիարք Պշարա Ռաաի Կիրակի յոյս յայտնեց, որ արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ժպրան Պասիլ պիտի կարենայ յաջողապէս հանգուցալուծել Հըզպալլայի ամբողջական զօրակցութիւնը վայելող 6 սիւննի երեսփոխաններու ներկայացուցչութեան խնդիրին պատճառով առկայ փակուղին:
«Երկիրը այլեւս ի վիճակի չէ տանելու այս յետաձգումը»,- շեշտեց պատրիարք Ռաաի:






