«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ- Կոլանի բարձունքները ընդմիշտ կը մնան Իսրայէլի ձեռքը։ Այս յայտարարութեամբ Իսրայէլի կառավարութեան նիստին հանդէս եկած է երկրի վարչապետ Բինիամին Նեթանիահուն, կը հաղորդէ «Արմէնփրես»ը՝ վկայակոչելով «ՏԱՍՍ»ը։
«Իսրայէլը ընդմիշտ կը մնայ Կոլանի բարձունքներու վրայ: Կոլանի բարձունքները միշտ կ’ըլլան Իսրայէլի ձեռքը»,- յայտարարած է վարչապետը։ Ան երախտագիտութիւն յայտնած է ԱՄՆին՝ ՄԱԿի ընդհանուր ժողովի կոմիտէին մէջ Կոլանի բարձրունքներու գրաւումը դատապարտող բանաձեւին դէմ քուէարկելու համար։
«Մեր ամերիկացի գործընկերներու հետ մենք որոշ ժամանակ արդէն կը խօսինք ՄԱԿի ներկայիս ղեկավարութեան նոր քաղաքականութեան մասին։ Անցեալ Հինգշաբթի Իսրայէլի մէջ ԱՄՆ դեսպան Տէյվիտ Ֆրիտման յստակացուցած է, որ ԱՄՆը որոշած է դէմ քուէարկել Կոլանի բարձունքներուն վրայ ներկայութեան համար մեզ դատապարտող աւանդական բանաձեւին,- նշած է Նեթանիահուն:– Ես կը ցանկայի շնորհակալութիւն յայտնել նախագահ Թրամփին այս կարեւոր եւ արդար ձայնի համար, որ ամբողջապէս կը համապատասխանէ իմ քաղաքականութեանս»:
Նոյեմբեր 16ին ՄԱԿի ընդհանուր ժողովի կոմիտէն ձայներու ճնշող մեծամասնութեամբ հերթական բանաձեւը ընդունած է Իսրայէլի կողմէ Կոլանի բարձունքներու գրաւումին դէմ։ Ուաշինկթընը առաջին անգամ դէմ քուէարկած է նման բանաձեւի։ Անցեալին ԱՄՆը ձեռնպահ կը մնար այդ հարցով քուէարկութիւններու ժամանակ։
1944 թուականէն Սուրիոյ պատկանող Կոլանի բարձունքները Իսրայէլը գրաւած է 1967ի վեցօրեայ պատերազմին։ Իսրայէլի խորհրդարանը 1981 թուականին ընդունած է «Կոլանի բարձունքներու մասին» օրէնք, որ միակողմանիօրէն հռչակած է հրէական պետութեան իշխանութիւնը անոնց նկատմամբ։ ՄԱԿի Անվտանգութեան խորհուրդը բռնակցումը անօրինական համարած է 1981ի Դեկտեմբերին՝ 497 բանաձեւով:






