Հինգշաբթի, 26. 02. 2026

spot_img

Բակօ Սահակեանը Հայկակ Արշամեանի Հետ Քննարկած Է «Հեռուստամարաթօն 2018»ին Եւ Արցախի Մէջ Շարք Մը Ծրագիրներու Վերաբերող Հարցեր

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ- Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան Նոյեմբեր 17ին Լոս Անճելըս քաղաքին մէջ հանդիպում ունեցած է «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի ներկայացուցիչներուն հետ՝ կառոյցի գործադիր տնօրէն Հայկակ Արշամեանի գլխաւորութեամբ:

Ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրես»ը, Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութենէն կը տեղեկացնեն, որ քննարկուած են «Հեռուստամարաթօն 2018»ի ընթացքին եւ Արցախի մէջ շարք մը ծրագիրներու իրականացման վերաբերող հարցեր:

Հանդիպումին կը մասնակցէին Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արքեպիսկոպոս Մարտիրոսեանը եւ պաշտօնատար այլ անձինք:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին