Սիրելի սգակիր հարազատներ, բարեկամներ եւ ընկերներ,
Հաւաքուած ենք վերջին հրաժեշտը տալու սիրելի ընկեր Հրայրին, որ անողոք հիւանդութեան մը հետեւանքով ոչ եւս է այսօր:
Գիտենք, որ կեանքին պէս հին է մահը, միասին են անոնք ու զուգահեռ ընթացքով, բայց դարձեալ դժուար է հաշտուիլ անոր հետ: Միշտ տխուր ենք ու անմխիթար՝ մահուան դիմաց: Մեր հոգին կը ճմլուի երբ անվերադարձ մեկնողը մեր սիրելի՛ն է, սրտակի՛ցը, գործակի՛ցը ու հարազա՛տը: Մանաւանդ երբ մեզմէ յաւէտ բաժնուողը ընկեր Հրայր Հովիւեանն է:
Պայքարի մարդ էր ընկ. Հրայրը բառին իսկական ու խորունկ իմաստով: Ան պայքարեցաւ իր կեանքի բոլոր հանգրուաններուն բարին ու ճիշդը պաշտպանելով: Ան միեւնոյն հաստատակամութեամբ պայքարեցաւ իր հիւանդութեան դէմ ու շրջանցեց շատ մը դժուար, աներեւակայելիօրէն շա՜տ դժուար հանգրուաններ:
Սակայն պատահեցաւ երեւի անխուսափելին: Իր կողքին միշտ պայքարած եւ պայքարող իր ազնիւ տիկնոջ՝ մեր սիրելի տիկին Մարալին վերջին շաբաթներու օրական «Հրայրին վիճակը կայուն է» հեռախօսային նամակները կը սփոփէին եւ որոշ յոյս մը կը ներշնչէին մեզի: Սակայն այդ նամակները օրը օրին աւելի վերապահ կը դառնային հետեւաբար մտահոգիչ, որոնցմէ վերջինը եղաւ «հաշուեյարդար 48 ժամ» եւ այսպէս 48 ժամն ալ չամբողջացուցած մեկնեցաւ ընկ. Հրայրը, որքան սպասելի՝ այնքան անակնկալ:
Երեւի նման անակնկալ կորուստներ պատճառ կ՛ըլլան, որ յանկարծ անդրադառնանք, թէ մեր կողքին տասնամեակներ շարունակ ունէինք բարեկամ մը, ընկեր մը, հարազատ մը, որ այսպէս, յանկարծ լուռ հրաժեշտ կու տայ մեզի, մինչդեռ մենք կը կարծէինք, որ վերջնական բաժանումի պահը դեռ հեռու է։ Եւ մենք, մնացողներս, կը սկսինք մտածել, թէ ինչպէ՞ս գրուած էր այս մարդուն կեանքի գիրքը, ինչպիսի ծառայութիւններով հարստացած էր անոր կեանքը, եւ ահա այդ հարստութիւնը ժառանգ կը մնայ մեզի։
Այսօր, այստեղ անզօր ենք սակայն իբրեւ յարգանքի արտայայտութիւն՝ քանի մը պարբերութիւններով դամբանական խօսքի մը մէջ խտացնելու մեզմէ առյաւէտ հեռացող մեր ազնիւ ընկերոջ բարեմասնութիւնները: Հրայր Հովիւեան մարդուն եւ ընկերոջ բարեմասնութիւնները…:
Ո՞վ չի գիտեր զանոնք, ո՞ր բարեմասնութեան վրայ առաւել շեշտը դնել…այնքան շատ են անոնք ու իրական, մէկը միւսէն գերազանց:
Պիտի չմտնեմ ընկեր Հրայր Հովիւեանի կենսագրութեան մանրամասնութիւններուն մէջ (այդ մասին արդէն յուղարկաւորութեան արարողութեան պահուն Սրբազան հայրը հանգամանօրէն անդրադարձուեցաւ քիչ առաջ), այլ պիտի փորձեմ կանգ առնել կարգ մը գիծերու վրայ, որոնք կազմեցին ընկ. Հրայրին անհատականութիւնը, ծառայութիւնները, հաւատքն ու նուիրումը իր ազգին, ընտանիքին ու հայրենիքին։
Հրայր Հովիւեան Հայրենասէր Գաղափարական Ընկերը
Անկոտրում հայրենասէր մըն էր ընկ. Հրայրը: Ան կանուխ տարիքէն ընտրած էր իր ազգին, եկեղեցիին եւ սիրեցեալ հայրենիքին ծառայել Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան միջոցով: Անդամագրուելով ՌԱԿին ան
որպէս շարքային գործելու եւ պատասխանատուութիւնններ ստանձնելու բոլոր հանգրուաններէն ալ անցաւ եւ զանոնք արժանաւորապէս եւ մեծ բծախնդրութեամբ կատարեց՝ ՌԱԿ Մ. Փորթուգալեան ուսանողական ակումբի շարքերէն մինչեւ Թէքէեան Մշակութային Միութեան Հիմնադիրներու Մարմնի Վարչութեան եւ ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան անդամակցութեան կարեւոր եւ պատասխանատու իր պաշտօններուն ընդմէջէն: Ընկ. Հրայրը այն ընկերներէն էր որուն համար Կուսակցութեան եւ Միութեան շահերը վեր էին ամէն տեսակի անձնական նկատառումներէ: Օրինապահ էր ան ծայրայեղութեան աստիճան: Խիստ էր ան այն անձերու նկատմամբ որ Կուսակցութեան վարկը կը համարձակէին խաթարել: Սիրելին էր ան սակայն բոլորին եւ ընդունուած ու յարգուած էր, թէ բարեկամներուն, եւ թէ մրցակիցներուն կամ հակառակորդներուն կողմէ:
Մտաւորական հակումներ ունէր ընկեր Հրայր: Իր ակադեմական աշխատանքներուն զուգահեռ ան մեծ հետաքրքրութիւն ունէր հայ գիրին ու լեզուին նկատմամբ ու նախանձախնդիր էր անոր տարածմամբ: Ան այս նպատակին համար ոչ ժամանակ կը խնայէր ոչ ալ նիւթական:
Անձնական վկայութեամբ դրուագ մը միայն այստեղ պատմեմ, շատ նոր պատահած, որ առիթը չունեցայ նոյնիսկ պատմելու իր կողակիցին: «Զարթօնք»ի Մատենաշար մը հաստատելու ծրագրով հրատարակութիւն մը ունէինք տպարան ղրկելիք, որուն համար եւ նման ծրագիրներու հանդէպ հաւաքական պատասխանատուութեամբ մօտենալու ճիգով հանգանակութիւն մը կազմակերպած էինք: Ընկեր Հրայր դէպի Հայաստան իր վերջին ուղեւորութեան ընթացքին օդակայանը կարդացած էր այս մասին: Ան առանց նոյնիսկ իրեն դիմուելու, օդակայանի անյարմար պայմաններուն մէջ զանգեց ինծի, քաջալերական խօսքեր փոխանցեց եւ պատուիրեց, որ գիրքին հրատարակման սատարողներուն մէջ զինք բացակայ չգրեմ…: Գիրքը հրատարակուեցաւ երբ ինք անզգօն հիւանդանոցը անկողինին կը ծառայեր: Ան չիմացաւ անոր հրատարակման մասին: Չտեսաւ գիրքը: Ես գիրքին իր օրինակը յաջորդող օրերուն իր կողակիցին եւ զաւակներուն կը փոխանցեմ անպայման:
Հրայր Հովիւեան, որքան հպարտ էր խորհրդային Հայաստանի իրագործումներով նոյնքան հպարտ էր անոր անկախութեամբ ու հոն ժողովրդավարական կարգերու հաստատումով: Ան որքան խանդավառութեամբ կը հետեւէր Հայրենիքի մէջ այսօր կատարուած փոփոխութիւններուն, նոյնքան մտահոգ էր անոր կայունութեամբ եւ ապագայով: Կը մնայ ամփոփել ընկեր Հրայրի հզօր հայրենասիրութիւնը այստեղ յիշելով, որ ան իր կողակիցին հետ իրենց հաստահատոր դուստրերուն համար ընտրած են Դուին եւ Լոռի հայաշունչ անունները, որ շատ բան կ՛ըսեն այս ուղղութեամբ:
Հրայր Հովիւեան Սկզբունքային Մարդը
Սկզբունքային էր ընկեր Հրայրը բառին ամենախիստ իմաստով: Ան, որքան անզիջող էր սկզբունքային հարցերու շուրջ, այնքան հանդուրժող եւ մեծահոգի էր զինք հակաճառողներուն նկատմամբ: Իր բոլոր գաղափարներուն ու վերլուծումներուն հիմքը կը կազմէին սկզբունքային մօտեցումը, որ մարդկային վեհ ու մնայուն արժէք մըն է, որմով շեշտուած էր ընկեր Հրայր եւ որուն համար ան յարգուած էր իր աշակերտներէն, ընկերներէն եւ շրջապատեն: Կարելի էր չհամաձայնիլ իր հետ, բայց կարելի չէր նկատի չունենալ հարցերու իր ընկալումն ու վերլուծելու իւրայատուկ ձեւը:
Ընկ. Հրայր, ազնուական ոգիդ ու պատուաւոր անունդ կը թողուս մեզի: Գաղափարի նուիրուածութիւնդ եւ պարկեշտօրէն գործելու վարքդ որպէս ուղեգիծ պիտի ծառայեն մնացորդացիս: Յաւերժին երթդ ու յաւիտենական հանգիստդ անխռով թող ըլլայ ու հողը թեթեւ ըլլայ վրադ՝ գաղափարի ազնի՚ւ ընկեր ու սրտակի՚ց բարեկամ…:
Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան գաղափարի ընկերները եւ Թէքէեան Մշակութային Միութեան մեծ ընտանիքը կը բաժնեն սուգը ձեր եւ բոլոր հարազատներուն հետ սիրելի Մարալ, Դուին եւ Լոռի:
Իսկ դուք սիրելի սգակիր հարազատներ, բարեկամներ եւ ընկերներ երկա՜ր ապրեցէք, երկա՜ր յիշեցէք մեր սիրելի Հրայրին…: