«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Թուրքիոյ ընդդիմադիր Ժողովրդադեմոկրատական կուսակցութեան անդամ, խորհրդարանի՝ Տիարպեքիրէն ընտրուած հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլանը յայտարարած է, որ երկրի ներքին անդորրը վտանգող ամենամեծ «գործօնը» Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարար Սուլէյման Սոյլուն է:
Ինչպէս կը գրէ թրքական artigercek.com կայքը, Փայլանը մեղադրած է նախարարը ժողովուրդին մօտ իրարու հանդէպ ատելութիւն ու խժդժութիւն սերմանելու, ընդդիմադիր գործիչներուն սպառնալու եւ երկրի քրտաբնակ շրջաններու ինքնակառավարման մարմիններուն մէջ պետական վերահսկիչներ նշանակելով՝ բռնապետական կարգեր հաստատելու համար:
«Նախարարը հեռախօսով սպառնացած է երկրի երրորդ ամենամեծ կուսակցութեան համանախագահին: «Շաբաթօրեայ մայրեր» ցոյցի մասնակից մայրերը 700 շաբաթ շարունակ նստած են այդ հրապարակին մէջ, այսօրուան ՆԳ նախարարը դուրս կու գայ, այդ կանանց «ահաբեկիչ» կ»ըսէ: Այս նախարարը երկրի ներքին խաղաղութեան համար մեծ սպառնալիք է, այս երկրի խաղաղութեան դէմ ամենամեծ սպառնալիքը նման նախարարի դիրքորոշումն է»,- ըսած է Փայլանը:
Ան նաեւ յիշեցուցած է որպէս «ահաբեկիչ» բանտերու մէջ յայտնուած բազմաթիւ ընդդիմադիր լրագրողներու եւ հասարակական գործիչներու մասին:
«Հասարակութեան մէկ մասը ՆԳ նախարարի ըրածներուն համար կ’ըսէ «պրաւօ», մէկ մասն ալ կ’ըսէ. «Ա՛յ ընկեր, պետութիւնը ինչո՞ւ զիս կը տանջէ»: Այս երկրին մէջ կան հայրեր, որոնք ինքնասպան եղած են, քանի որ իրենց երեխային համար տաբատ չեն կրցած գնել, իրենց հողը մշակել չկարողացող գիւղացիներ, իրենց երեխային ծախսի գումար տալ չկարողացող պետական աշխատողներ:
Այս մասին նոր պիւտճէի նախագիծին մէջ խօսք չկայ»,– նշած է հայ պատգամաւորը:






