«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Յառաջիկայ շաբաթ Լիբանանի անկախութեան տօնի առիթով տեղի ունենալիք շքերթի կապակցութեամբ ընթացող նախապատրաստական աշխատանքները պատճառ դարձան երթեւեկի անտանելի խճողումի, մանաւանդ երբ փակուեցան Պէյրութ տանող շարք մը ուղիներ:
Նշենք, որ այս դէպքին առիթով լիբանանեան բանակի ղեկավարութիւնը թուիթըրեան յայտարարութեամբ ներողամտութիւն հայցեց՝ միաժամանակ խնդրելով քաղաքացիներու հասկացողութիւնը:






