«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Եւրամիութեան հիմնադրամը Լիբանանի ջրամատակարարման եւ ջրահեռացման ծառայութիւններու բարելաւման նպատակով 8 մլն տոլար պիտի տրամադրէ ոչ կառավարական երեք միջազգային կազմակերպութիւններու համընկերութեան: Այս մասին կը տեղեկանանք ԵՄի կատարած յայտարարութենէն:
ԵՄի տարածաշրջանային հիմնադրամը՝ «Մատատ»ը, ջուրի հասանելիութեան եւ զարգացման համընկերութեան, որ կը բաղկանայ Intersos, ACTED եւ Action against Hunger ոչ կառավարական միջազգային կազմակերպութիւններէն, պիտի տրամադրէ 8 մլն տոլարի նպաստ՝ միտուած ջուրի, առողջապահութեան եւ առողջաբանութեան ենթակառուցուածքներու բարելաւման:






