«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան ուղերձ յղած է Նոյեմբեր 16-18ին Լոս Անճելըսի մէջ ընթացող «Թաքնուած գանձեր. Արեւելեան Եւրոպայի հայկական արուեստն ու մշակոյթը» միջազգային հայագիտական գիտաժողովի մասնակիցներուն:
Ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրես»ը, ՀՀ նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն կը տեղեկացնեն, որ նախագահը մասնաւորապէս նշած է, որ Հայաստանը մեծապէս կը կարեւորէ աշխարհով մէկ սփռուած հայկանան մշակութային ժառանգութեան պահպանման, ուսումնասիրութեան ու ներկայացման ուղղուած աշխատանքներն ու միջոցառումները:
«Թաքնուած գանձեր. Արեւելեան Եւրոպայի հայկական արուեստն ու մշակոյթը» միջազգային գիտաժողովը կազմակերպած է Գալիֆորնիոյ համալսարանի (UCLA) Նարեկացի հայագիտական ամպիոնը՝ Փոլ Կեթթի թանգարանի հետ գործակցութեամբ: Համակարգողը յայտնի հայագէտ Փիթեր Քոուն է: Գիտաժողովին կը մասնակցին բնագաւառի յայտնի մասնագէտներ աւելի քան մէկ տասնեակ երկիրներէ, այդ կարգին՝ Հայաստանէն:






