Շաբաթ, 07. 06. 2025

spot_img

ԱՄՆը Ֆեթուլլահ Կիւլենը Տակաւին Չ’արտայանձներ Թուրքիոյ

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները չի պատրաստուիր ԱՄՆ Փենսիլվանիա նահանգին մէջ որպէս վտարանդի բնակող իսլամի թուրք քարոզիչ, «Հիզմեթ հարեքեթ» կրօնական շարժումի առաջնորդ Ֆեթուլլահ Կիւլենը արտայանձնելու Թուրքիոյ: Այս մասին, ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»ը, կը յայտնէ թրքական «Հուրիեթ» պարբերականը:

ԱՄՆ պետական գերատեսչութեան խօսնակ Հիզեր Նոյերթը յայտնած է, որ ԱՄՆ արդարադատութեան նախարարութիւնը տակաւին կը շարունակէ քննութեան առնել թրքական կողմի՝ Կիւլենի արտայանձնման վերաբերեալ դիմումն ու այդ դիմումին մէջ նշուած փաստարկները:

Սպիտակ տունը կը քննարկէ չափաւոր իսլամի թուրք քարոզիչ Ֆեթուլլահ Կիւլենը ԱՄՆէն արտաքսելու հնարաւորութիւնը:  Այս մասին հաղորդած է«NBC» հեռուստաընկերութիւնը:

Ամերիկեան կողմը Նոյեմբեր 14ին յայտարարած էր, որ որոշած են 4 բարձրաստիճան անձերէ կազմուած պատուիրակութիւն ուղարկել Թուրքիա՝ տեղի ունեցած ռազմական յեղաշրջումին Կիւլենի մասնակցութիւնը հետաքննելու նպատակով:

Պաշտօնական Անգարան Կիւլենը կը մեղադրէ 2016 թուականի Յուլիս 15ին տեղի ունեցած ռազմական յեղաշրջումի փորձը կազմակերպելու մէջ: Այդ ժամանակ խումբ մը խռովարարներ Թուրքիոյ մէջ ռազմական յեղաշրջումի փորձի ձեռնարկած են: Խռովարարները իրենց հսկողութեան տակ առած են ռազմավարական շարք մը կայաններ Անգարայի եւ Իսթամպուլի մէջ, բայց մի քանի ժամ ետք խռովութիւնը ճնշուած է:

Չափաւոր իսլամի քարոզիչ, «Հիզմեթ Հարեքեթի» ազդեցիկ կրօնական շարժումի առաջնորդ Ֆեթուլլահ Կիւլենը 1999 թուականէն որպէս վտարանդի կը բնակի ԱՄՆ Փենսիլվանիա նահանգը: Թուրքիոյ իշխանութիւնները զինքը կը մեղադրեն երկրին մէջ Յուլիս 15ի ռազմական յեղաշրջումի փորձը կազմակերպելու մէջ եւ կը պահանջեն ԱՄՆ իշխանութիւններէն արտայանձնել Կիւլենը:

76ամեայ Ֆեթուլլահ Կիւլենը անցեալին եղած է Էրտողանի մերձաւոր կողմնակիցը եւ Թուրքիոյ ներկայիս նախագահին օգնած է իշխանութեան գալ:   Էրտողանը Կիւլենը կը մեղադրէ պետական յեղաշրջումի փորձի եւ բարձրաստիճան պետական ծառայողներու հեռախօսային խօսակցութիւնները զանգուածաբար լսելու գործը կազմակերպելու մէջ, որոնցմէ մէկ մասի վերծանումը օգտագործուած է 2013 թուականի Դեկտեմբեր 17-25ին Թուրքիոյ մէջ Էրտողանի որդիին, դստեր, փեսայի եւ կառավարութեան 4 անդամներուն մասնակցութեամբ կաշառակերութեան մեծածաւալ գործողութիւններու բացայայտման համար:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին