«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան ՀՀ պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Դաւիթ Տօնոյեանի եւ զինուած ուժերու գլխաւոր հրամանատարակազմի պետի առաջին տեղակալ, սպարապետ Օննիկ Գասպարեանի ուղեկցութեամբ այցելած է ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան N զօրամասի մարտական յենակէտ եւ զօրավարժարանին մէջ հետեւած ցուցադրական յատուկ մարտավարական յարձակողական զօրավարժութիւններուն:
Ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրես»ը, ՀՀ վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն կը տեղեկացնեն, որ Նիկոլ Փաշինեան ծանօթացած է առաջնագիծին վրայ առկայ իրավիճակին, այնուհետեւ իրեն ներկայացուած են ճարտարագիտական եւ ամրաշինական կառուցուածքները, յուսալի պաշտպանութիւն իրականացնելու նոր արհեստագիտութիւնները, դիրքերուն վրայ անձնակազմի անվտանգութեան բարձրացման ուղղուած աշխատանքները, սարքային յագեցուածութիւնը:
Նիկոլ Փաշինեան ուսումնական կէտին վրայ հետեւած է մարտական հրաձգութեան մարտավարական զօրավարժութեան՝ լեռնային բարդ տեղանքի մէջ, որուն ընթացքին գրոհային մարտավարական խումբերը գործած են բնագիծերու բարելաւման ուղղութեամբ:
Կառավարութեան ղեկավարի պաշտօնակատարը զրուցած է մարտական հերթապահութիւն իրականացնող զինծառայողներուն եւ հրամանատարներուն հետ, շնորհակալութիւն յայտնած անոնց անձնուէր ծառայութեան համար: Նիկոլ Փաշինեան խրախուսած է դիրքապահ զինծառայողներուն եւ մաղթած առողջութիւն ու խաղաղ ծառայութիւն:






