Շաբաթ, 14. 03. 2026

spot_img

Համաշխարհային Դրամատան Պաշտօնատարներու Հետ Բանակցութիւնները Կեդրոնացան Տնտեսական Բարեփոխումներու Վրայ

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Լիբանանի տնտեսական անյուսալի իրավիճակը քննարկումներու հիմնական թեման հանդիսացաւ Համաշխարհային դրամատան եւ լիբանանեան ղեկավարութեան միջեւ:
Վարչապետի պաշտօնակատար Սաատ Հարիրի շօշափեց տնտեսական բարեփոխումներու խնդիրը Մերձաւոր Արեւելքի եւ Հիւսիսային Ափրիկէի մէջ Համաշխարհային դրամատան փոխնախագահ Ֆերիտ Պըլհաժի եւ տարածաշրջանի ընդհանուր տնօրէն Սարոժ Քումար Ժհայի հետ: Այս մասին կը հաղորդեն Հարիրիի տեղեկատուական գրասենեակէն:
«Մենք վերահաստատեցինք Համաշխարհային դրամատան դիրքորոշումը վարչապետի պաշտօնակատար Սաատ Հարիրիին՝ նկատել տալով լուրջ բարեփոխումներ կատարելու անհրաժեշտութիւնը, մասնաւորաբար ուժաբանութեան եւ ելեկտրականութեան ոլորտին մէջ, որ ուղի պիտի հարթէ Լիբանանի մէջ ներդրումներու ներգրաւման»,- մէջբերուած է Պըլհաժի խօսքը: 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին