Չորեքշաբթի, 25. 02. 2026

spot_img

Արմէն Սարգսեան Ուղերձ Յղած Է Լոս Անճելըսի Մէջ Ընթացող Միջազգային Հայագիտական Գիտաժողովի Մասնակիցներուն

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան ուղերձ յղած է Նոյեմբեր 16-18ին Լոս Անճելըսի մէջ ընթացող «Թաքնուած գանձեր. Արեւելեան Եւրոպայի հայկական արուեստն ու մշակոյթը» միջազգային հայագիտական գիտաժողովի մասնակիցներուն:

Ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրես»ը, ՀՀ նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն կը տեղեկացնեն, որ նախագահը մասնաւորապէս նշած է, որ Հայաստանը մեծապէս կը կարեւորէ աշխարհով մէկ սփռուած հայկանան մշակութային ժառանգութեան պահպանման, ուսումնասիրութեան ու ներկայացման ուղղուած աշխատանքներն ու միջոցառումները:

«Թաքնուած գանձեր. Արեւելեան Եւրոպայի հայկական արուեստն ու մշակոյթը» միջազգային գիտաժողովը կազմակերպած է Գալիֆորնիոյ համալսարանի (UCLA) Նարեկացի հայագիտական ամպիոնը՝ Փոլ Կեթթի թանգարանի հետ գործակցութեամբ: Համակարգողը յայտնի հայագէտ Փիթեր Քոուն է: Գիտաժողովին կը մասնակցին բնագաւառի յայտնի մասնագէտներ աւելի քան մէկ տասնեակ երկիրներէ, այդ կարգին՝ Հայաստանէն:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին