«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները չի պատրաստուիր ԱՄՆ Փենսիլվանիա նահանգին մէջ որպէս վտարանդի բնակող իսլամի թուրք քարոզիչ, «Հիզմեթ հարեքեթ» կրօնական շարժումի առաջնորդ Ֆեթուլլահ Կիւլենը արտայանձնելու Թուրքիոյ: Այս մասին, ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»ը, կը յայտնէ թրքական «Հուրիեթ» պարբերականը:
ԱՄՆ պետական գերատեսչութեան խօսնակ Հիզեր Նոյերթը յայտնած է, որ ԱՄՆ արդարադատութեան նախարարութիւնը տակաւին կը շարունակէ քննութեան առնել թրքական կողմի՝ Կիւլենի արտայանձնման վերաբերեալ դիմումն ու այդ դիմումին մէջ նշուած փաստարկները:
Սպիտակ տունը կը քննարկէ չափաւոր իսլամի թուրք քարոզիչ Ֆեթուլլահ Կիւլենը ԱՄՆէն արտաքսելու հնարաւորութիւնը: Այս մասին հաղորդած է«NBC» հեռուստաընկերութիւնը:
Ամերիկեան կողմը Նոյեմբեր 14ին յայտարարած էր, որ որոշած են 4 բարձրաստիճան անձերէ կազմուած պատուիրակութիւն ուղարկել Թուրքիա՝ տեղի ունեցած ռազմական յեղաշրջումին Կիւլենի մասնակցութիւնը հետաքննելու նպատակով:
Պաշտօնական Անգարան Կիւլենը կը մեղադրէ 2016 թուականի Յուլիս 15ին տեղի ունեցած ռազմական յեղաշրջումի փորձը կազմակերպելու մէջ: Այդ ժամանակ խումբ մը խռովարարներ Թուրքիոյ մէջ ռազմական յեղաշրջումի փորձի ձեռնարկած են: Խռովարարները իրենց հսկողութեան տակ առած են ռազմավարական շարք մը կայաններ Անգարայի եւ Իսթամպուլի մէջ, բայց մի քանի ժամ ետք խռովութիւնը ճնշուած է:
Չափաւոր իսլամի քարոզիչ, «Հիզմեթ Հարեքեթի» ազդեցիկ կրօնական շարժումի առաջնորդ Ֆեթուլլահ Կիւլենը 1999 թուականէն որպէս վտարանդի կը բնակի ԱՄՆ Փենսիլվանիա նահանգը: Թուրքիոյ իշխանութիւնները զինքը կը մեղադրեն երկրին մէջ Յուլիս 15ի ռազմական յեղաշրջումի փորձը կազմակերպելու մէջ եւ կը պահանջեն ԱՄՆ իշխանութիւններէն արտայանձնել Կիւլենը:
76ամեայ Ֆեթուլլահ Կիւլենը անցեալին եղած է Էրտողանի մերձաւոր կողմնակիցը եւ Թուրքիոյ ներկայիս նախագահին օգնած է իշխանութեան գալ: Էրտողանը Կիւլենը կը մեղադրէ պետական յեղաշրջումի փորձի եւ բարձրաստիճան պետական ծառայողներու հեռախօսային խօսակցութիւնները զանգուածաբար լսելու գործը կազմակերպելու մէջ, որոնցմէ մէկ մասի վերծանումը օգտագործուած է 2013 թուականի Դեկտեմբեր 17-25ին Թուրքիոյ մէջ Էրտողանի որդիին, դստեր, փեսայի եւ կառավարութեան 4 անդամներուն մասնակցութեամբ կաշառակերութեան մեծածաւալ գործողութիւններու բացայայտման համար: