Կիրակի, 03. 12. 2023

spot_img

«Երազէ՛, Իրագործէ՛… Ներդրողներ Հայրենիքի Մէջ » – 2 – Շատ Մարդիկ Այստեղ Պատրաստ Են Աշխատելու, Բայց Գործ Չունին. Սփիւռքը Իր Մասնակցութիւնը Պէտք Է Ունենայ Հայաստանի Մէջ

Հարցազրոյց՝ Հայաստանի Մէջ Ներդրող «Pascal & Diodato» Ճաշարանի

Հիմնադիր Փիեռ Պաղտատեան Հետ

 

Հարցազրոյցը վարեց՝ ՔՐԻՍԹԻՆԱ  ԱՂԱԼԱՐԵԱՆ

«Զարթօնք»ի Երեւանի Աշխատակից

 

Ինչպէս նախապէս նշած էինք «Զարթօնք»ը սկսած է «Երազէ՛, Իրագործէ՛… Ներդրողներու Հայրենիքի մէջ» խորագրով հարցազրոյցներու: Հայրենիքի մէջ գործող մեր աշխատակիցին միջոցով  հարցազրոյցներ պիտի իրագործենք Հայրենիքին մէջ ներդրումներ ընող շարք մը արտերկիր ապրող թէ հայրենադարձ սփիւռքահայերու եւ օտար գործարարներու հետ: Հարցազրոյցները պարբերաբար (Շաբաթ օրերը) պիտի հրատարակենք «Զարթօնք»ի տպագիրին մէջ ինչպէս նաեւ առցանց:

«Խմբ.»

 

Մեր շարքի այսօրուայ հիւրը հայրենադարձ գործարար Փիեռ Պաղտատեանն է, որ Հայաստան բնակութիւն հաստատած շատոնց: Եղբօր՝ Տիրան Պաղտատեանի հետ տեղափոխուած են Հայաստան, փորձած են զբաղիլ տարբեր գործերով: Մէկ մասը յաջողած է, մէկ մասը՝ ոչ, բայց չեն հիասթափուած: Պաղտատեան եղբայրները ծնած ու մեծցած են Լիբանան, սակայն քաղաքացիական պատերազմը սկսելէն ետք հաստատուած են Աւստրիա ու Ֆրանսա, ուրկէ ալ հայրենիքի կանչով եկած են Հայաստան:

Մեր շարքի նախորդ հարցազրոյցով ներկայացուցած էինք եղբայրներու կողմէ հիմնադրուած «Կուրմէ Տուրմէ» հայկական առանձնայատուկ ու նրբահամ շոքոլայի ստեղծման պատմութիւնը, պիզնեսի ընդլայնման հեռանկարները եւ այլն:

Այս անգամ կը ներկայացնենք հայրենադարձ եղբայրներէն՝ Փիեռ Պաղտատեանի կողմէ Արագածոտնի մարզի Աշտարակ քաղաքի մէջ Սուրբ Կարմրաւոր եկեղեցւոյ հարեւանութեամբ հիմնադրուած «Pascal & Diodato» ճաշարան-սրճարանի պատմութիւնը: Ի հարկէ, եղբայրները իրարու հետ կ’աշխատին ու կը զարգացնեն պիզնեսը, բայց կարելի է ըսել, որ բաժանում կայ, թէ ո՛վ որ պիզնեսը կրնայ աւելի լաւ կառավարել ու զարգացնել: Սրճարանը եկեղեցւոյ հարեւանութեամբ գտնուող գողտրիկ անկիւն մըն է՝ արտասահմանցի ու հայաստանցի հիւրերու համար հաճելի ու տրամադրող միջավայրով, գեղեցիկ ծաղիկներով ու ի հարկէ համեղ խոհանոցով: Սրճարանի աշխատակիցները հիմնականօրէն Աշտարակ քաղաքի բնակիչներ են: Փիեռ Պաղտատեանի կարծիքով՝ պէտք է զարգացնել Հայաստանի մարզերը, քաղաքները, գիւղերը, միայն Երեւանը չէ, որ ուշադրութեան արժանի է: Նոյն այդ գաղափարը կեանքի կոչելու ու իրենց փոքրիկ ներդրումը այդ գործին մէջ ունենալու համար եղբայրները որոշած են պիզնեսով զբաղիլ մարզի մէջ եւ ոչ թէ մայրաքաղաքի:

Պարոն Պաղտատեան, 10  տարիէն աւելի Հայաստան կը բնակիք, պիզնեսով կը զբաղիք, աշխատատեղեր կ’ապահովէք: Կը պատմէ՞ք, թէ ի՞նչ պիզնեսներով զբաղած էք այս տարիներուն ընթացքին եւ հիմա ինչո՞վ կը զբաղիք բացի հայկական արտադրութեան շոքոլայի արտադրութենէն, ի՞նչ մտայղացումներ կան ապագայի վերաբերեալ:

– Նախ ըսեմ, որ ամէն երկրի մէջ ալ դժուարութիւններ կան: Երբ արդիւնաբերող էք ու շուկայական գիները բարձր են, ատիկա արդէն դժուարութիւն է: Երկիրը պէտք է մեծ ըլլայ, ծով ունենայ, որպէսզի կարենաս ապրանքները հասցնել տարբեր տեղեր: Մենք այն ինչ կը ցանկայինք այստեղ ստեղծել, արդիւնաբերութեան հետ կապ ունէր, անոր համար անհրաժեշտ էր մեծ շուկայ: Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամակցելէ ետք այդ հարցը լուծուեցաւ՝ մեր 2 միլիոննոց շուկան դարձաւ 150 միլիոննոց: Մենք, ըլլալով դրական մարդիկ, թերեւս մեզի անհատական դժուարութիւններ հանդիպեցան, բայց մենք չտեսանք: Մենք այստեղ եկած ենք ոչ թէ խնդիրներ տեսնելու, այլ մասնակցելու մեր երազած Հայաստանի կառուցման: Մի քանի պատճառ կայ, որ այստեղ ենք: Երբ առաջին անգամ Սովետական միութիւն այցելութիւն կատարեցինք, չէինք սպասեր, որ Հայաստանը կ’անկախանայ, կը լաւանայ, այդ պատճառով պէտք է նորէն վերադառնայինք Զուիցերիա՝ դարձեալ ետ գալու ակնկալիքով: 1989 թուականին առաջին այցս էր, 1993 թուականին՝ երկրորդ այցս: Անկէ ետք չենք հաշուած, թէ քանի անգամ գացած ու եկած ենք, մինչեւ որ որոշեցինք 2005 թուականին վերջնականապէս տեղափոխուիլ: Մենք կ’ըսենք, որ առաջին պատճառը այն էր, որ մեր վրէժը լուծեցինք թուրքէն, քանի որ մեր ընտանիքի անդամները բնաջնջուած էին: Իրենք հողէն, արմատէն կտրեցին մեզ, մենք այդ ձեւով կրնայինք միայն ուժեղ պատասխան տալ: Եկանք այստեղ ու փորձեցինք հասկնալ, թէ ինչո՛վ կրնանք նպաստել Հայաստանի զարգացման: Մի քանի գործ ըրինք, որոնք յաջողութեամբ չաւարտեցան, ձախողեցան: Այստեղ դրական շատ բաներ կան: Այստեղ ապրելով հայ կը մնաս. սա արդէն դրական բան է: Իսկ սփիւռքի մէջ բոլորն ալ ժամանակաւոր հայեր են: Ով որ կարդայ ու դէմ դնէ, ես կրնամ հարիւր օրինակ բերել: Նոյնիսկ եթէ երեք սերունդ երաշխաւորեն հայ մնալ, չորրորդը ոչ ոք կ’երաշխաւորէ: Ուրախ ենք, որ այստեղ ենք: Մաքուր օդ, ջուր, ուտեստ, հպարտութիւն. ասոնք դրական բաներ են: Մայր հողի վրայ ամէն ինչ շատ ուժեղ է:

– Ի՞նչ պիզնեսներով զբաղած էք, որոնք ձախողած են:

– Այստեղ սկսանք քարերու պիզնեսով զբաղիլ: Արհեստական քարեր կ’արտադրէինք: Սակայն տեսանք, որ երկիրը պահանջ չունի, քարերու երկիր է, ու իսկական քարը կը գերադասէ արհեստականէն: Ուրիշ երկիրներու մէջ, ուր քար չկայ, արհեստականով կը փոխարինեն: Յետոյ շոքոլայի պիզնեսով սկսանք զբաղիլ, որմէ ետք եկանք այստեղ՝ Աշտարակ, մեզի տարածք առաջարկեցին, ու մենք, գիտնալով, որ 1400 տարուան եկեղեցւոյ քովը ամէն օր չէ, որ կարելի է նման տարածք ձեռք բերել, զայն գնեցինք: Նկատեցինք, որ այստեղէն զբօսաշրջիկներ շատ կ’անցնին եւ իրենց համար հանգստանալու, լուացուելու, նոյնիսկ զուգարան երթալու տեղ չկար այս ամբողջ տարածքին:

 

Ստեղծեցինք այս սրճարանը, որ բոլորին սիրելի վայրն է: Ի դէպ, մեր սրճարանին մէջ կրնաք շատ համեղ ուտեստ համտեսել, զոր մենք յօրինած ենք: Անունը «ուրցալոշ» է, լաւաշի վրայ աղացած ընկոյզ եւ ուրց:

Բայց այստեղ եղանակային է. այսինքն՝ երբ ցուրտ է, կը փակենք ու կ’անցնինք ուրիշ գործերու: Օրինակ՝ մենք այստեղ արդէն 6րդ տարին է, որ կը նշենք ընկոյզի տօնը: Տեսանք, որ այս շրջանին մէջ ընկոյզի շատ ծառեր կան, մարդիկ շատ կ’արտադրեն, որոշեցինք նշել ընկոյզի տոնը: Արդէն միւս մօտակայ գիւղերէն կու գան, կը մասնակցին: Տօնի ընթացքին որոշեցինք մեծ անիւ դնել, մէջը ընկոյզ լեցնել: Ամէն մասնակից պէտք է տարբեր փուլերու ընթացքին իր առջեւի ընկոյզը առանց վնասելու մաքրէ: Այլ խօսքով՝ ընկոյզ ջարդելու մրցոյթ: Տարուէ-տարի կ’աւելնայ, ընկոյզ կը վաճառենք, այսինքն՝ այնպիսի բան մը կ’ընենք, որ բոլոր գիւղացիները ուրախանան, զբաղին, երեխաները մրցանակներ ստանան: Ասկէ առաջ քանի որ մենք Եւրոպա ապրած ենք, տեսած ենք սուրբծննդեան տօնավաճառները, մտածեցինք այստեղ ալ ընել նոյնը: Առաջին անգամ ըրինք 2012 թուականի Դեկտեմբերին մի քանի տնակով մեր այս սրճարանին դիմաց: Այդ պզտիկ բանը այնքան մեծ յաջողութիւն գտաւ, շատ այցելուներ ունեցանք Երեւանէն: Անոր շնորհիւ մենք կրցանք համոզել Երեւանի քաղաքապետը, որ Երեւանի մէջ ալ ընենք նման բան: Մեզի տրամադրեցին Երեւանի ամենակարեւոր ու սիրուն հատուածը՝ Հիւսիսային պողոտան: Այդտեղ սկսանք 12 տնակով, այս տարի արդէն 42 տնակ է: Գիւղի նման է, մէկ ամիս այդ տնակներուն մէջ մարդիկ կ’ապրին եւ ուրախութիւն կը պարգեւեն մարդկանց: Քանի որ ամէն տարի մասնակցիլ փափաքողներու թիւը շատ էր, անիկա կարծես մշակոյթ, աւանդոյթ դարձաւ: Անցեալ տարի աւելցուցին նաեւ Արցախի մէջ: Մենք գացինք, ընտրեցինք տնակներ Կիւմրիի, Աշտարակի մէջ: Մարդիկ կը տեսնեն, կ’ուրախանան:  

– Հայաստանի մէջ պիզնեսի միջավայրը ի՞նչպէս կը գնահատէք: Պետութիւնը ի՞նչ աջակցութիւն կը ցուցաբերէ ձեզի:

– Դժուարութիւններ կան, բայց մենք կը հասկնանք, թէ անոնք ինչի՛ համար են: Մենք անկախացանք առանց որեւէ պատրաստուածութեան: Հիմա այդ բոլոր դժուարութիւնները պայքար են դէպի անկախացում: Օրինակ՝ մենք այստեղ սրճարան ունինք, ինչո՞ւ դուրսը չունէինք, որովհետեւ այստեղ անոր կարիքը կար: Մարդիկ կ’ուզեն իրենց պիզնեսը տեղափոխել Հայաստան, բայց շատ հազուադէպ պարագաներու է, որ անհատը կը յաջողի նոյն ձեւով ընել պիզնեսը: Իրենք կը դժուարանան քայլ ընելու եւ Հայաստան գալու: Այդ քայլը մենք ըրինք, քանի որ քիչ մը յամառ բնաւորութիւն ունինք, չնայեցանք, թէ ո՛վ ինչ կ’ընէր: Շատ լաւ էր, որ ոչ մէկուն լսեցինք: Դեռ շատ ժամանակ չէր անցած այստեղ տեղափոխուելնուս, Երեւանի քաղաքապետը մեզի յանձնեց ամենասիրուն պողոտան: Ուրիշ ոչ մէկ երկրի մէջ նման բան կրնաս տեսնել, որ նոր եկողներուն յանձնուի ամենասիրուն փողոցը ու ըսուի՝ ի՛նչ կ’ուզես, ըրէ: Անշո՛ւշտ, իրենք մեզի գիտէին, հարցուփորձ ըրած էին հաւանաբար: Հայաստանի մէջ շատ բան  փոխուած է: Ես եկայ այստեղ, զարմացած էի: Կ’ուզէի երթալ թէյ կամ սուրճ խմելու, սակայն ընդամէնը մէկ տեղ կար, որ ժամը 8ին կը փակուէր: Ոչ մէկ բան կար, միայն սովետական շրջանէն մնացած մշակոյթն էր: Հիմա ամէն ինչ յառաջ գացած է: Բոլոր հայերը կրնան գալ, անձնագիր ստանալ: Կը վստահեցնեմ, որ ուրիշ երկրի մէջ հայը գրկաբաց չեն ընդունիր: Մարդիկ դուրսը տարբեր պատկերացում ունին Հայաստանի մասին, անոր համար վաւերագրական ֆիլմ ցուցադրեցինք՝ «Քնացած գեղեցկուհին»: Այդ ֆիլմը կը պատմէր Հայաստանի մասին, եկեղեցիները, սիրուն վայրերը, հարստութիւնները, այն ամէնը, ինչ դուրսի մարդիկը պէտք է գնահատէին: Ինչ կը վերաբերի Ֆրանքոֆոնի գագաթնաժողովին, մենք այդ ժամանակ 2002 թուականին Լիբանանի նախագահի որդիին մակարդակով խնդրեցինք հրաւէր ուղարկել, բարեբախտաբար Հայաստանը արդէն 2004 թուականին որպէս դիտորդ ընդգրկուեցաւ այդ ընտանիքին մէջ: Ինչ որ ըրած ենք, մեր հայրենիքին համար ըրած ենք: Մեզի տեսնելով, մեր օրինակը հաշուի առնելով շատ մարդիկ քաջալերուեցան, ետ եկան այստեղ: Մենք սփիւռքի մէջ նոյնիսկ հայկական վարժարան չէինք յաճախեր, հայերէն շատ դժուար կը սորվէինք:

– Այս սրճարանը քանի՞ աշխատատեղ կ’ապահովէ, հիմնականօրէն Աշտարակ քաղաքէ՞ն են աշխատակիցները:

– Սրճարանին մէջ ունինք 8-10 աշխատատեղ, իսկ շոքոլայի արտադրամասին մէջ 30-40 հոգի են: Մենք շատ ուրախ ենք, որ մարդոց հնարաւորութիւն կու տանք սեփական քրտինքով աշխատելու եւ վաստակելու: Պէտք է խօսիմ նաեւ Հայաստանի տնտեսութեան, ներդրումային դաշտին մասին: Առաջին հերթին պետութիւնը պէտք է վստահութիւն ներշնչէ: Յեղափոխութենէն ետք մարդիկ որոշ չափով վստահութիւն ձեռք բերած են: Բայց ես մտավախութիւն ունիմ: Օրինակ՝ եթէ ես չեմ ուզեր ձեզի դրամ տալ (ներդրում ընել.-խմբ.), ըսելով, որ գող էք, սա ամենադիւրին ձեւն է դրամ չտալու: Այո, այդտեղ կը գողնան, բայց պետութիւնն ու երկիրը այդ դրամի կարիքը ունի, որովհետեւ տնտեսութիւնը պէտք է զարգանայ: Կրնամ նաեւ նշել վերջին շրջանին պետական պաշտօնեաներու կողոպտած գումարները: Հիմա նման բան ալ չկայ, ժողովուրդը իր խօսքը ըսաւ: Գիտէք, եթէ բանի մը մէջ ջուր կը լեցնէք ու տակը ծակեր կան, շատ դժուար կը լեցուի, բայց եթէ այդ ծակերը քիչնան, ջուրը կը լեցուի: Սփիւռքը իր մասնակցութիւնը պէտք է ունենայ Հայաստանի մէջ: Շատ մարդիկ այստեղ պատրաստ են աշխատելու, բայց գործ չունին: Գործը ստեղծելու համար ամէն սփիւռքահայ պէտք է մտածէ բան մը ընելու, աշխատատեղ ստեղծելու մասին: Եւ ի վերջոյ կրնամ ըսել, որ հայենադարձութեամբ կը կնքենք վերջնական յաղթանակը թուրքին դէմ: Թուրքը մեր դէմ ցեղասպանութիւն գործեց ու մինչեւ հիմա չ’ընդունիր ըրածը, կը նշանակէ՝ թշնամաբար կ’ընդունի: Մենք այդ թշնամանքին մէկ ձեւ ունինք պատասխանելու՝ գալ ու այստեղ ապրիլ: Մենք գոյատեւման պայքար ունինք:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին