«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան Նոյեմբեր 14ին Հռոմի մէջ մասնակցած է «Թուային աշխարհաքաղաքականութիւն. նոր սահմաններ, աճ եւ ազգային անվտանգութիւն» խորագիրը կրող գիտաժողովին:
Ինչպէս կը յայտնեն ՀՀ նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն, գիտաժողովին մասնակցած են նաեւ Իտալիոյ պաշտպանութեան նախարար Էլիզապեթա Թրենթան, գիտաժողովի կազմակերպիչներէն՝ Elettronica Group ընկերութեան գլխաւոր գործադիր տնօրէն եւ նախագահ Էնզօ Պենինին, ԱՄՆ 44րդ նախագահ Պարաք Օպամայի վարչակազմի անդամ, քաղաքական փորձագէտ Ալեք Ռոսը, գիտական եւ փորձագիտական հանրութեան ներկայացուցիչներ:
Գիտաժողովի ընթացքին նախագահ Արմէն Սարգսեանը հանդէս եկած է ելոյթով: Խօսելով համաշխարհայնացումի եւ արագ փոփոխուող աշխարհի մասին՝ ան նշած է, որ աշխարհը այսօր սրընթաց փոփոխութիւններու ականատեսն է: «Աշխարհն ամէն օր աւելի ու աւելի արագ է փոփոխուում: Մենք ականատեսն ենք լինում քուանտային դրսեւորումների: Եւ վաղն առաջնորդ կը դառնայ նա, ով կը գիտակցի այս փաստը: Կլոպալիզացիան մակրոյից դարձել է միկրօ. ընկերութիւնները, անհատներն այլեւս անկասելի են»,- ըսած է Արմէն Սարգսեանը:
Գիտաժողովի ընթացքին մասնաւորապէս քննարկուած են արդիւնաբերութեան թուային փոփոխութեան, նոր իրողութիւններու մէջ պաշտպանական, անվտանգութեան ու օդագնացական տիեզերական ոլորտներուն մէջ գրանցուող փոփոխութիւններուն առնչուող հարցեր:






