Հինգշաբթի, 26. 02. 2026

spot_img

Պէտք Է Իրականացնենք Միջազգային Ամենաբարձր Չափանիշներուն Համապատասխան Ընտրութիւններ. Կառավարութեան Երէկուան Նիստը՝ Մէկ Նիւթով

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –  Երէկ տեղի ունեցած է ՀՀ կառավարութեան հերթական նիստը, որ վարած է ՀՀ վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանը:

Ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրես»ը, ՀՀ կառավարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն կը տեղեկացնեն, որ նախքան օրակարգային հարցերու քննարկումը, Նիկոլ Փաշինեան անդրադարձած է խորհրդարանական արտահերթ ընտրութիւններուն: 

«Մենք ըստ էութեան լիարժէք թեւակոխել ենք նախընտրական փուլ, աւարտուել է արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններին մասնակցութեան յայտ ներկայացնելու ժամկէտը եւ ընտրութիւնների անցկացման քաղաքական պատասխանատուութիւնը կրում է մեր կառավարութիւնը: Մենք խնդիր ենք դրել անցկացնել երրորդ հանրապետութեան պատմութեան ամենաորակեալ եւ լաւագոյն ընտրութիւնները: Կարծում եմ՝ այս նշաձողը պէտք է բարձրացնել, ոչ թէ երրորդ հանրապետութեան  լաւագոյն  ընտրութիւնը պէտք է անցկացնենք, այլ պէտք է անցկացնենք միջազգային ամենաբարձր չափանիշներին համապատասխան ընտրութիւններ: Այս առումով, ես ուզում եմ ընդգծել, երէկ Ազգային Ժողովում նոյնպէս ասացի, որ մենք պէտք է բացառենք այս ընտրութիւններում վարչական ռեսուրսի կիրառումը: Մասնաւորապէս, նախկինից յայտնի մի շարք աւանդոյթներ, երբ այս օրերին, մասնաւորապէս, հանրակրթութեան ոլորտն ամբողջովին ներքաշուում էր քաղաքական եւ քարոզչական պրոցեսների մէջ, պէտք է լիարժէքօրէն բացառել: Պէտք է բացառել եւ այս ընտրութիւններում արմատախիլ անել այն երեւոյթը, երբ վարչական լծակներն օգտագործուում են ընտրողներին այս կամ այն ուղղութեամբ ուղղորդելու: Մեր ընտրութիւններում միշտ եղել է, չակերտաւոր ասած,  ասողների ինստիտուտը, ովքեր ասում են ում օգտին պէտք է քուէարկել: Այդ երեւոյթը պէտք է իսպառ  բացառել, եւ ընտրողների որոշումները պէտք է ձեւաւորուեն քարոզչական, քաղաքական բովանդակութեան արդիւնքում: Ո՞րն է մեխանիզմը որեւէ ընտրութիւն կատարելու, ո՞րն է ընտրողի ազատ կամարտայայտութիւնը. ընտրողը պէտք է հետեւի քարոզարշաւին, քարոզչութեանը, ներգրաւուի, դառնայ քաղաքական բովանդակութեան մասնակից եւ, ըստ այդմ, որոշում կայացնի, թէ ում օգտին է ուզում քուէարկել»,- նշած է Նիկոլ Փաշինեանը:

Վարչապետի պաշտօնակատարը ընդգծած է, որ ընտրութիւններու պաշտօնական արդիւնքները պէտք է ձեւաւորուին բացառապէս ընտրողի կատարած քուէարկութեան արդիւնքներով: «Պէտք է բացառենք անգամ մի քուէաթերթիկի, ինչպէս ընդունուած է ասել, սխալ տրցակում տեղադրելը, ընդ որում, ոչ միայն միջկուսակցական ֆորմատով, այլեւ ներկուսակցական: Ի՞նչ նկատի ունեմ. քանի որ նաեւ ռեյտինգային ընտրակարգն է գործում, ձայները բաշխուում են ոչ միայն կուսակցութիւնների միջեւ, այլեւ նոյն կուսակցութեան ներսում տարբեր թեկնածուների միջեւ, եւ պէտք է բացառել որեւէ նման երեւոյթ: Իհարկէ, մենք շատ յստակ եւ խիստ ուղերձ պէտք է յղենք, որ նման այսպիսի փորձ կատարող ցանկացած մէկին անպայման կը հակազդի օրէնքն իր ողջ ուժով»,- ըսած է կառավարութեան ղեկավարի պաշտօնակատարը:

Յաջորդ խնդիրը, ըստ Նիկոլ Փաշինեանի, ընտրակաշառքի ուղիղ կամ անուղղակի դրութիւնն է: «Յոյս ունեմ, որ մեր իրաւապահ մարմինները, մասնաւորապէս ոստիկանութիւնը եւ Յատուկ քննչական ծառայութիւնը պատրաստ են ոչ միայն արձագանգելու  իրավիճակին, այլեւ պրոֆիլակտիկ աշխատանքի միջոցով կանխելու այդ երեւոյթը: Պէտք է հասկանանք, որ այդ երեւոյթը չի կարող մեր իրականութեան մէջ տեղ ունենալ, եւ պարզապէս ամենակոշտ հակազդեցութեանը կ’արժանանայ ընտրողի  կամքի վրայ փողով, նիւթական այլ միջոցներով ազդելու որեւէ փորձ: Նախընտրական քարոզարշաւի ողջ ընթացքում կ»ապահովենք քաղաքական ուժերի միջեւ իրապէս ազատ մրցակցութիւնը, պէտք է դահլիճների հասանելիութեան սահմանափակումներ չլինեն, բոլոր քաղաքական ուժերը պէտք է իսկապէս ունենան հաւասար հնարաւորութիւններ՝ ընտրողների հետ շփուելու, երկխօսելու»-նշած է Նիկոլ Փաշինեանը:

Անդրադառնալով ընտրացուցակներու հետ կապուած հարցին՝ վարչապետի պաշտօնակատարը նշած է, որ անոր պատասխանատուութիւնը առաջին հերթին կը կրէ ոստիկանութիւնը: «Նախորդ ընտրութիւններից գիտենք երեւոյթ, որ ընտրողների միկրացիա է լինում այս ընտրատարածքից այն ընտրատարածք: Յոյս ունեմ, պարոն Օսիբեան, տեղեկատուութիւնը կը ստանանք եւ համարժէք միջոցներ կը ձեռնարկենք: Իսկապէս մենք պէտք է անցկացնենք բարձր մակարդակի ընտրութիւններ, եւ ես որեւէ կասկած չունեմ, որ այդպէս էլ տեղի կ’ունենայ»,- ըսած է կառավարութեան ղեկավարի պաշտօնակատարը:    

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին