Երկուշաբթի, 07. 07. 2025

spot_img

ՀՀ Գլխաւոր հիւպատոս Դոկտ. Արմէն Բայբուրդեանի հանդիպումը ՌԱԿ-ի հետ

ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ. Ուրբաթ, Նոյեմբեր 9-ի երեկոյեան, ԹՄՄ Պէշկէօթիւրեան կեդրոնին մէջ, Ալթատինա, ՌԱԿ Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութիւնը ընդունեց Լոս Անճելըսի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան նորանշանակ Գլխաւոր հիւպատոս Դոկտ. Արմէն Բայբուրդեանը։ Երկժամեայ հանդիպումին ընթացքին Շրջանային վարչութիւնը շնորհաւորեց հիւպատոսին նշանակումը այդ կարեւոր պաշտօնին, մաղթելով յաջողութիւն եւ կորով՝ Նոր Հայաստանի ներկայի պայմաններուն տակ։

Գլխաւոր հիւպատոսը մանրամասնօրէն ներկայացուց Հայաստանի ապագայի հեռանկարները, հայ ժողովուրդին դիմագրաւելիք մարտահրաւէրները, շեշտելով արհեստագիտութեան, տնտեսութեան եւ ընկերային ոլորտի զարգացումները Հայաստանի մէջ, ուր Սփիւռքը ունի կարեւոր դերակատարութիւն տարբեր ծրագիրներու իրականացման մէջ։

Հանդիպումը անցաւ սիրալիր եւ հարազատ մթնոլորտի մէջ։

Յաջողութիւն եւ բարի երթ յարգարժան Գլխաւոր հիւպատոսին։

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին