Շաբաթ, 14. 03. 2026

spot_img

Լոռուայ Աշխարհի Նորութիւններ

«Գաւառը» Լուսարձակի Տակ – 4 –

ՎԱՀԱՆ ԱՆՏՈՆԵԱՆ

«Զարթօնք»ի Աշխատակից

Նոյեմբեր 10ին հանդիսաւոր կերպով բացումը կատարուեցաւ քաղաքի նորակառոյց բժշկական կեդրոնին: Բացման հանդիսութեան ներկայ էին առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեան, քաղաքաշինութեան կոմիտէի նախագահ  Աւետիք Էլոյեան, մարզպետ Անդրէաս Ղուկասեան, երկու փոխմարզպետներ, պաշտօնական այլ անձնաւորութիւններ: Շէնքը կառուցուած է քաղաքաշինութեան պետական կոմիտէի կողմէ, պետական պիւտճէի միջոցով, իսկ ծննդատան մասնաշէնքը` «Տաշիր» բարեգործական հիմնադրամի աջակցութեամբ, որուն նախագահն է Տաշիր ծնած ու մեծցած, այժմ մեծ գործատէր Կարէն Կարապետեանը: Այս նոր բժշկական կեդրոնը կոչուած է սպասարկելու ոչ միայն քաղաք Վանարորի, այլեւ ամբողջ Լոռուայ մարզին` 220 հազար բնակչութեամբ: Կրնան օգտուիլ նաեւ մօտակայ շրջաններու բնակիչները, փոխանակ մինչեւ Երեւան երկար ճանապարհ երթալու:

Տասնամեակներ շարունակ Վանաձորի բնակչութիւնը զրկուած էր յարմարաւէտ պայմաններու մէջ բուժում ստանալու հնարաւորութենէն: Նոր կեդրոնը բաղկացած է երկու մասնաշէնքէ, որոնց առաջինը օժտուած է 150 մահճակալով, իսկ երկրորդը` ծննդատան մասնաշէնքը՝ 40 մահճակալով: Կեդրոնը օժտուած է ժամանակակից սարքաւորումներով, որոնք մինչեւ այդ գոյութիւն չեն ունեցած Վանաձորի մէջ: Այդ սարքերուն շնորհիւ կ’իրագործուի ախտորոշիչ եւ բժշկական միջամտութիւններ, ներերակային լազերային «կոակիւլեյշըն»` վարիքոզ հիւանդութեան բուժման նպատակով: Կեդրոնը օժտուած է նաեւ համակարգչային շերտագրումի սարքաւորումով, գերձայնային հետազօտութեան շարժական եւ հաստատուն սարքերով: Ամբողջովին արդիականացուած է հեմոտիալիզի բաժանմունքը` զայն ապահովելով 15 սարքերով եւ ջուրի մաքրութեան կայանով:

Ծախսերու ընդհանուր գունարը կազմած է 6,647 միլիոն դրամ:

Կեդրոնը պիտի ներառէ նաեւ սուր վարակիչ հիւանդութիւններու բաժանմունքը, որ ներկայիս կը գտնուի քաղաքի արեւելեան մասի մէկ լեռնային հատուածի վրայ: Այս որոշումը բուռն հակազդեցութիւն ունեցաւ վերոյիշեալ բաժանմունքի անձնակազմի կողմէ: Նոր կեդրոնին մէջ սուր վարակիչ հիւանդութիւններու համար յատկացուած է 15 մահճակալ՝ նախկինի 30ի փոխարէն: Բողոքողները բաժանմունքի վարիչ Ռ. Չիլինգարեանի մասնակցութեամբ ամբողջ անձնակազմով ցոյց կազմակերպեցին մարզպետարանի դիմաց՝ պահանջելով չեղեալ յայտարարել տեղափոխման որոշումը:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին