«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Թուրքիոյ հարաւը գտնուող Մերսին նահանգի Անամուռ շրջանին մէջ անտառային հրդեհ բռնկած է:
Այս մասին, ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»ը, կը յայտնէ թրքական «Տողան» լրատուական գործակալութիւնը:
Քամին կրակը տարածելով հասցուցած է մինչեւ անտառին յարակից բնակելի տարածքները:
Հրդեհի հետեւանքով տուժած են Չարըքլար համայնքի մի քանի բնակելի տուները եւ անասնագոմերը, սատկած են կենդանիներ:
Հրդեհը կարելի եղած է մարել մեծ դժուարութեամբ:






