«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Հինգշաբթի Ընկերվար-յառաջդիմական կուսակցութիւնը մամլոյ ասուլիսի ժամանակ կոչ ըրաւ նոր կառավարութեան շուտափոյթ կազմաւորման, որը միաժամանակ կը նախագծէ տնտեսական արտակարգ ծրագիր՝ պետութեան ելեւմտական պակասորդը կրճատելու համար:
Մամլոյ ասուլիսէն ետք հրապարակուած յայտարարութիւնը կը զգուշացնէ, որ պակասորդը հատած է պետութեան 2018ի պիւտճէն, որ, կուսակցութեան դիտարկմամբ, ելեկտրականութեան ոլորտին մէջ մեծադիր վարկի, 2017ի աշխատավարձի մաշտաբային օրէնքի hետ կապուած ծախքի, ինչպէս նաեւ հանրային ոլորտի հանգստեան կոչուած պաշտօնեաներուն տրուած կենսաթոշակներուն արդիւնքն է:






