Չորեքշաբթի, 04. 02. 2026

spot_img

Փասատինա. Հայ Մշակոյթի ամիսը՝ Յովսէփեան վարժարանէն ներս

ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ. Հոկտեմբեր 26-ի երեկոյեան, խուռներամ բազմութիւն մը տիրած էր «Կիրակոս» սրահը։ Վարժարանիս տնօրէն Պրն. Շահէ Մանկրեան առաջին հերթին բեմ հրաւիրեց եօթներորդ եւ ութերորդ դասարանի աշակերտները, որոնք արտասանեցին Մուշեղ Իշխանի՝ «Հայ լեզուն տունն է հայուն» բանաստեղծութիւնը։

Յայտագիրը ճոխ էր ու հայաշունչ։ Դասարանային հերթականութեամբ բեմ բարձրացող Յովսէփեանի տաղանդաւոր աշակերտները արտասանեցին հայ գիրերու գիւտին ու հայ ժողովուրդին նուիրուած արտասանութիւններ, առաւել հիանալի կատարողութեամբ հնչեցուցին հայ մշակոյթին, մայր հայրենիքի ու 2800-ամեայ մայրաքաղաք Երեւանին նուիրուած երգեր՝ ղեկավարութեամբ երգի ուսուցչուհի Ալենուշ Եղնազարի եւ դաշնամուրի ընկերակցութեամբ Յովիկ Ոսկանեանի:

Կարմիր, կապոյտ, նարնջագոյնը տիրապետած էր բեմի յարդարումին եւ աշակերտներու պարային տարազներուն վրայ փոքրիկ Հայաստանի մը վերածելով հանդիսութեան վայրը: Ջերմ ծափահարութեան եւ գնահատանքի արժանացան պարուսոյց Փաթիլ Ալպարեանի պատրաստած պարերը:

Ծնողներուն հպարտանքի զգացումները աննկարագրելի էին եւ երախտագիտութեամբ լեցուն, առ՝ Յովսէփեան դպրոցի տնօրէնութիւն եւ ուսուցչական կազմ. յատկապէս հայերէն լեզուի ուսուցչուհիներուն նկատմամբ, որոնք հայեցի դաստիարակութիւնը կը սերմանեն հայ աշակերտին հոգիին մէջ։

Վարժարանիս տնօրէն Պրն. Շահէ Մանկրեան շնորհակալութիւն յայտնեց ձեռնարկի յաջողութեան սատարող բոլոր ուսուցչուհիներուն, պարուսոյցին, ինչպէս նաեւ ներկաներուն։

Անի Մարսէլեան

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին