ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ. Կիրակի, 27 Հոկտեմբերին, ներկայութեամբ Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ Աւետարանական եկեղեցիներու միութեան Հովուապետ՝ Վեր. Պերճ Ճամպազեանի, քոյր եկեղեցիներու հովիւներու, Կլենտէյլ քաղաքի քաղաքապետ՝ Զարեհ Սինանեանի, բանաստեղծ Ժագ Յակոբեանի եւ մօտաւորապէս 200 անձերու, ճաշկերոյթի ընթացքին, Փասատինայի Հայ Կիլիկիա Աւետարանական եկեղեցիի Հենրի եւ Անայիս Տէրեան սրահէն ներս նշուեցաւ Եկեղեցիին 96-ամեայ տարեդարձը։
Ճաշկերոյթը սկսաւ երգչախումբի ԱՄՆ-ի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան զոյգ քայլերգներու երգեցողութեամբ, ղեկավարութեամբ՝ Արմէն Արոյեանի եւ դաշնամուրի ընկերակցութեամբ՝ Եսթեր Ասիլեանի։
Օրուան հանդիսավարն էր՝ Իրաւաբան Դաւիթ Քալգինզ, որ ձեռնհասօրէն վարեց օրուան յայտագիրը։ Բացման աղօթքը կատարեց՝ Վեր. Գէորգ Թէրեան։
Գեղարուեստական յայտագրին բաժին բերաւ Պատուելի Յարութ Խաչատուրեան՝ հոգեշունչ, հոգեւոր եւ հայրենասիրական երգերով եւ դաշնամուրի վրայ նուագով։
Օրուան բանախօսն էր Կլենտէյլի քաղաքապետ՝ Զարեհ Սինանեան։ Ան անդրադարձաւ Հայ համայնքի ներդրումին կարեւորութեան Քալիֆորնիոյ մէջ, ինչպէս նաեւ Հայաստանի ներկայ իրադարձութիւններուն։
Ապա, Բժշկհ. Ալինա Մկրտիչեան ասմունքեց՝ Ժագ Յակոբեանի «Երբ կը մտնես եկեղեցի» բանաստեղծութիւնը, որմէ ետք, Եկեղեցւոյ վարչութեան ատենապետ՝ Արա Ասիլեան, ներկայացուց բանաստեղծ Ժագ Յակոբեանի նուիրական ծառայութիւնը հայ ազգին իր Քրիստոսաշունչ եւ հայրենասիրական բանաստեղծութիւններով ու հրաւիրեց եկեղեցւոյ Աւագ Հովիւը՝ Վեր. Սերոբ Մկրտիչեանը եւ Հովուապետ՝ Վեր. Պերճ Ճամպազեանը, որոնք անդրադարձան նուիրեալ բանաստեղծին ստեղծագործութիւններուն եւ ծառայութեան։ Ներկաներու յոտնկայս ծափահարութիւններով եւ առ ի գնահատանք իր երկարամեայ անշահախնդիր ծառայութեան, պարգեւատրեցին՝ 101-ամեայ բանաստեղծ Ժագ Յակոբեանը, Հայ Կիլիկիա աւետարանական եկեղեցիի «Հայկական խաչ» յուշանուէրով։ Իսկ Կլենտէյլի քաղաքապետը ջերմ գովեստէ ետք «Պատուոյ գիր»ը յանձնեց վաստակաշատ բանաստեղծին։
Հուսկ, 101-ամեայ բանաստեղծը յուզումով իր շնորհակալական խօսքը ուղղեց նախ Աստուծոյ եւ ապա Եկեղեցիին ու ներկաներուն եւ խիզախօրէն արտասանեց իր «Սուրբ գիրքը թող բաց մնայ» բանաստեղծութիւնը։ Իսկ Եկեղեցիի Հովիւ՝ Վեր. Մկրտիչեան, փառաբանական աղօթք մատուցեց։
Ճաշկերոյթը իր աւարտին հասաւ, ներկաներու Փառաբանութեան երգով եւ Վեր. Սերոբ Մկրտիչեանի օրհնութեան աղօթքով։






