Հինգշաբթի, 26. 02. 2026

spot_img

«Վաղուան Առաջնորդները Կը Դառնան Անոնք, Որոնք Կը Գիտակցին Աշխարհի Մէջ Կատարուող Սրընթաց Փոփոխութիւններու Կարեւորութիւնը». Նախագահ Սարգսեան

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –  Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան Նոյեմբեր 14ին Հռոմի մէջ մասնակցած է «Թուային աշխարհաքաղաքականութիւն. նոր սահմաններ, աճ եւ ազգային անվտանգութիւն» խորագիրը կրող գիտաժողովին:

Ինչպէս կը յայտնեն ՀՀ  նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն, գիտաժողովին մասնակցած են նաեւ Իտալիոյ պաշտպանութեան նախարար Էլիզապեթա Թրենթան, գիտաժողովի կազմակերպիչներէն՝ Elettronica Group ընկերութեան գլխաւոր գործադիր տնօրէն եւ նախագահ Էնզօ Պենինին, ԱՄՆ 44րդ նախագահ Պարաք Օպամայի վարչակազմի անդամ, քաղաքական փորձագէտ Ալեք Ռոսը, գիտական եւ փորձագիտական հանրութեան ներկայացուցիչներ:

 Գիտաժողովի ընթացքին նախագահ Արմէն Սարգսեանը հանդէս եկած է ելոյթով: Խօսելով համաշխարհայնացումի եւ արագ փոփոխուող աշխարհի մասին՝ ան նշած է, որ աշխարհը այսօր սրընթաց փոփոխութիւններու ականատեսն է: «Աշխարհն ամէն օր աւելի ու աւելի արագ է փոփոխուում: Մենք ականատեսն ենք լինում քուանտային դրսեւորումների: Եւ վաղն առաջնորդ կը դառնայ նա, ով կը գիտակցի այս փաստը: Կլոպալիզացիան մակրոյից դարձել է միկրօ. ընկերութիւնները, անհատներն այլեւս անկասելի են»,- ըսած է Արմէն Սարգսեանը:

Գիտաժողովի ընթացքին մասնաւորապէս քննարկուած են արդիւնաբերութեան թուային փոփոխութեան, նոր իրողութիւններու մէջ պաշտպանական, անվտանգութեան ու օդագնացական տիեզերական ոլորտներուն մէջ գրանցուող փոփոխութիւններուն առնչուող հարցեր: 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին