«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Հինգշաբթի ֆինանսներու նախկին նախարար Մուհամմատ Սաֆատի յոյս յայտնեց, որ Ազգային ազատ հոսանք շարժումի առաջնորդ Ժպրան Պասիլ նկատառելի յաջողութիւն պիտի գրանցէ կառավարութեան կազմաւորման գործին մէջ: Այս մասին կը հաղորդեն Սաֆատիի տեղեկատուական գրասենեակէն:
Պասիլի հետ հանդիպումէն ետք Սաֆատի մասնաւորաբար նշեց. «Ներդրուող բոլոր ջանքերը անտարակոյս կը նպաստեն կառավարութեան կազմաւորման, եւ մենք բոլորս յոյս կը յայտնենք, որ կողմերը համաձայնութեան պիտի գան եւ շուտով ի կատար պիտի ածուի նոր կառավարութեան կազմաւորումը»:






