Չորեքշաբթի, 04. 02. 2026

spot_img

Մոնթրոզ. Լոս Անճելըսի Հայ Քոյրերու վարժարանի նոր նուաճումը

ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ. Հայ Քոյրերու վարժարանի շրջափակը Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 28-ի առաւօտեան կը խայտար. ամէն կողմ զարդարուած էր գեղեցիկ ու գունաւոր փուչիկներով, դպրոցին մէջ տօնական մթնոլորտ մը կը տիրէր. ծնողներ, աշակերտներ եւ հիւրեր կը փութային դպրոց:

Անցնող քանի մը տարիներուն նոր մարզադաշտի ծրագիրը իրականացած էր, համագործակցութեամբ խորհրդատու մարմնի անդամներու, ծնողներու, բարերարներու եւ տնօրէնութեան, որոնց  հետեւողական աշխատանքով եւ բծախնդիր հետապնդումով այսօր արդէն Հայ Քոյրերու վարժարանը օժտուեցաւ արդիական եւ գեղեցիկ մարզադաշտով մը։ Յետայսու աշակերտները հանգիստ կերպով պիտի կատարէին իրենց մարզումները եւ մարզանքի դասերը:

Արդարեւ, նախորդ տարիներուն նոյն նպատակով հանգանակուած գումարներով կարելի եղաւ այս տարեշրջանը սկսիլ վերանորոգուած եւ բարեզարդուած պասքէթպոլի դաշտով մը:

Բացման ներկայ էին Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ Կաթողիկէ համայնքի առաջնորդ՝ Արհիապատիւ Գերապայծառ Տէր Միքայէլ Եպիսկոպոս Մուրատեան, վարժարանիս Առաքինազարդ Քոյրերը, խորհրդատու մարմնի անդամներ, տնօրէնութիւն, ծնողական մարմինը, ուսուցչական կազմը եւ աշակերտութիւն:

Դաշտի բացումը կատարուեցաւ օրհնութեամբն ու աղօթքովը Գերապայծառ Հօր, ապա աշակերտները միացեալ տէրունական աղօթքով միացան Գերապայծառին օրհնութիւններուն: Աղօթքէն ետք կարմիր գորգի վրայով ուղղուեցան ժապաւէնը հատելու. մանկապարտէզէն փոքրիկն Քրիստափոր Միքայէլեան օգնեց Գերապայծառին կտրելու ժապաւէնը, ապա աշակերտներու ուրախ բացագանչութիւններով եւ ծափողջոյններով առաջին անգամ գերապայծառն ու մայրապետները մուտք գործեցին դաշտ եւ նետեցին առաջին գնդակը՝ մաղթելով ապահով եւ յաջող գործածութիւն այս գեղեցիկ դաշտին։ Ապա, տօնական մթնոլորտը, հայկական աշխոյժ երաժշտութիւնն ու պարեղանակները աշակերները մղեցին շուրջպարի։

Կը շնորհաւորենք  Հայ Քոյրերու վարժարանի մեծ ընտանիքը։

Միշտ յառաջ Հայ Քոյրերու վարժարա՛ն հաւատարիմ քու դարերու առաքելութեանդ եւ սկզբունքներուդ: 

 

ԼԻՆՏԱ ԳԱՆՏԻԼԵԱՆ

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին