Հինգշաբթի, 26. 02. 2026

spot_img

Գալիֆորնիոյ Մէջ Հրդեհներու Զոհերու Թիւը Հասած Է 58ի

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –  ԱՄՆի Գալիֆորնիոյ նահանգի հիւսիսի Պիութի ստորաբաժանումին մէջ բնական հրդեհի զոհերու թիւը 48էն հասած է 56ի: Այդ մասին, ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրես»ը, Նոյեմբեր 14ին յայտնած է Պիութի շերիֆ Քորի Հոնեան մամուլի ասուլիսի ժամանակ, որ կը հեռարձակէր «ABC» հեռուստաընկերութիւնը: Այսպիսով Գալիֆորնիոյ մէջ հրդեհներէն զոհուածներու ընդհանուր թիւը ներկայիս կը կազմէ 58: «Այսօր յայտնաբերուած են եւս ութ մարդու մարմնամասեր: Ատիկա Պիութի ստորաբաժանումի մէջ զոհուածներու թիւը կը հասցնէ 56ի»,- տեղեկացուցած է Հոնեան: Իր խօսքով՝ անոնք բոլորն ալ զոհուած են հրդեհի ճիրաններուն յայտնուած Փարատայզ քաղաքի իրենց տուներուն մէջ:

Ինչպէս յայտնած է «The New York Times» թերթը, հրդեհէն, որուն տրուած է «Քեմբ» անուանումը, ամբողջովին այրած է 418 քառակուսի քիլոմեթր մակերեսով տարածք եւ ոչնչացուած աւելի քան 7.6 հազար տուն ու շինութիւն: Նահանգի անտառատնտեսութեան եւ հրշէջ պահպանութեան վարչութեան տուեալներով՝ կրակի ճարակ դարձած են 6.5 հազար բնակելի շէնք եւ առեւտրային նշանակութեան 260 շինութիւն: «Քեմպը» արգելափակուած է 35 տոկոսով: Կրակի դէմ պայքարելու համար Պիութի ստորաբաժանումին մէջ եղած են աւելի քան 5.1 հազար հրշէջներ:

Շուրջ 200 մարդ անյայտ կորսուած կը համարուի: Աւելի կանուխ ԱՄՆի նախագահ Տոնալտ Թրամփը տարերային աղէտի գօտի յայտարարած է Գալիֆորնիոյ նահանգը, ուր անցած շաբաթէն կը մոլեգնին անտառային հրդեհները, հաղորդած է «ՏԱՍՍ»ը:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին