ԽԱՉԻԿ ՃԱՆՈՅԵԱՆ
ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ. Հայաստանի, Արցախի եւ սփիւռքի աշխարհատարած ողջ հայութիւնը, Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 22-ին, կը պատրաստուի ազգային-հայրենասիրական խորագոյն գիտակցութեամբ իր մասնակցութիւնը բերելու եւ նիւթական աջակցութիւն ընծայելու «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի աւանդութիւն դարձած տարեկան դրամահաւաքին:
Քսանմէկ տարի առաջ, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Ափի հիմնադրամի պատասխանատուները, գեղեցիկ գաղափարը ունեցան հեռատեսիլի միջոցաւ նախ մեր շրջանի հայութեան, ապա ԱՄՆ-ի եւ Քանատայի հայութեան եւ վերջապէս ողջ աշխարհի հայութեան հասնելով, համահայկական բնոյթ ունեցող այս դրամահաւաքը կազմակերպել:
Հիմնադրամը առաջին օրէն իսկ վայելեց եւ ղեկավար դիրքի վրայ ունեցաւ մեր հոգեւոր հայրերը, Հայաստանի եւ Արցախի նախագահները, վարչապետը, սփիւռքի քաղաքական, բարեսիրական կազմակերպութեանց ղեկավարները եւ ապահովեց բարերարներու մեծ շքահոյլ մը: Բայց այս բոլորէն վեր եւ աւելի, ունեցաւ Աստուծոյ օրհնութիւնը եւ մեր ժողովուրդին վստահութիւնն ու նեցուկը:
Հիմնադրամի գլխաւոր նպատակն էր ողջ հայութիւնը մասնակից դարձնել հայրենաշինութեան եւ հայրենակերտութեան սուրբ եւ պատուական գործին: Այդպէս ալ եղաւ. ամէն տարի նուիրատուներուն թիւը կը բարձրանար, կամաւորները կը բազմապատկուէին, իսկ հիմնադրամին ծառայութիւններն ու աշխատանքները կ՚ընդարձակուէին: Քսանմէկ տարիներու ընթացքին բազմամիլիոն տոլարներ արժող ծրագիրներ իրագործուեցան Հայաստանի եւ Արցախի մէջ:
Համահայկական այս հիմնադրամը հանդիսացաւ մագնիսական այն ուժը, որ կրցաւ ողջ հայութեան բոլոր միաւորները ի մի բերել, միացնել, յստակ եւ նպատակայարմար գործերու լծել:
Մեր ժողովուրդը հաւատաց Հիմնադրամին եւ հերոսավայել նուիրումով ու նուիրատուութիւններով սատար հանդիսացաւ անոր բոլոր ծրագիրներուն: Մեծաթիւ մեծահարուստ բարերարներ իրենց գանձով, համեստ աշխատաւորներ իրենց լումաներով, բայց բոլորը միասին ձեռք-ձեռքի տուած, սրտով եւ հոգիով հայրենաշինութեան այս Սուրբ Գործին լծուեցան:
***
Վերջին տարիներուն, հիմնադրամի Արեւմտեան Ամերիկայի տնօրէնութիւնը դէպի Հայաստան խմբական ճամբորդութիւններ կը կազմակերպէ, որպէսզի մեր ժողովուրդին ու յատկապէս բարերարներուն ծանօթացնէ Հայաստանի եւ Արցախի մէջ հիմնադրամի իրագործած ծրագիրները: Քանի մը տարի առաջ մենք բախտը ունեցանք հիմնադրամի այս պտոյտին մաս կազմելու:
Մենք մօտ 14 տարի շատ մօտէն ծանօթ եղած ենք այս հիմնադրամի իրագործումներուն: Բայց ինչ որ այդ պտոյտին տեսանք եւ լսեցինք, վեր էր մեր բոլոր ակնկալութիւններէն: Բազմաթիւ վիթխարի շինարարական գործեր տեսանք, ճանապարհներ, ազատուղիներ, դպրոցական խիստ արդիական շէնքեր, գիւղական ժողովրդային հաւաքատեղիներ եւ ջրամատակարարման ծրագիրներ, հողագործներուն օժանդակութիւններ: Մօտ հազարի հասնող ծրագիրներ իրագործուած են այս 21 տարիներու ընթացքին:
Այս բոլոր ծրագիրները եղած են հայ ժողովուրդի հանճարով, հայու ձեռքով, բանուորներով եւ ուժով: Այսպէսով բազմաթիւ գործեր ստեղծուած են ժողովուրդին համար: Այս բոլորին ականատես ըլլալով, հիացած ենք այս գործերուն որակէն, անոնց ճարտարապետական յղացքէն: Խորապէս ազդուած հրաժեշտ կու տայինք այդ ծրագիրներուն ու շէնքերուն, մեր սրտագին օրհնութիւնները տալով այս հիմնադրամի պաշտօնէութեան, շինարարներուն, բայց մանաւանդ մեր թանկագին ժողովուրդին ու բարերարներուն, որոնց նիւթական նուիրատուութեամբը կարելի եղած է այդ բոլորը կեանքի բերել:
***
Սիրելի հայրենակիցնե՛ր, Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 22-ին բոլորս պատրաստուինք մեր սրտաբուխ նուիրատուութեան, ապրինք եւ մեր զաւակներուն ալ օրինակ ըլլանք, որպէսզի անոնք ալ մեզի պէս ապրին հայ ըլլալու հպարտութիւնը:
Եկէք մենք ալ մեր նպաստը բերենք մեր ժողովուրդի հայրենակերտման այս Սուրբ Գործին:
Ընդառաջենք հայրենի նորընտիր վարչապետին՝ քաջարի Նիկոլ Փաշինեանի կոչին, եւ այս տարի կրկնապատկենք դրամահաւաքի գումարը:






