Երեքշաբթի, 24. 02. 2026

spot_img

Շըրմըն Օքս. Մշակոյթի տօնը Մերտինեան վարժարանին մէջ

ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ. Մերտինեան վարժարանը ամիս մը ամբողջ հանդէս եկաւ եւ փառաբանեց հայ մշակոյթը տարբեր նախաձեռնութիւններով, ինչպէս օրինակ, կազմակերպելով Հոկտեմբեր 23-26 հայ գիրքերու, իրերու եւ յուշանուէրներու վաճառքը։

Հոկտեմբեր 25-ի յետմիջօրէին, դասաւանդութիւնները կանգ առին եւ աշակերտները դասարան առ դասարան իրենց ծնողներուն հետ վարժարանիս շրջափակէն ներս համտեսեցին Ծնողա-ուսուցչական մարմինին կողմէ հրամցուած հայկական խորովածը եւ անուշեղէնները։

Օրուան եզրափակիչ ձեռնարկը՝ Մանկապարտէզէն Ե. կարգի աշակերտներուն հրամցուցած գեղարուեստական յայտագիրն էր, որուն հիւրերն էին վարժարանս այցելող Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ՝ Գերշ. Տէր Յովնան Արք. Տէրտէրեանը՝ Տէր Սերովբէ Էլանճեանի ընկերակցութեամբ, վարժարանիս հիմնադիրներէն, Ամերիկայի Հայ Աւետարանական Ընկերակցութեան գործադիր տնօրէն՝ Տիար Զաւէն Խանճեան եւ Վերապատուելի Սերոբ Մկրտիչեան, որոնք իրենց ներկայութեամբ եկան յիշեցնելու թէ հայ եկեղեցւոյ թարգմանիչներն էին, որ հիմքը դրին հայ դպրութեան ու անոնց ջանքերով մեր ազգը համախմբուեցաւ ու գոյատեւեց հակառակ դիմագրաւած արհաւիրքներուն։

Յայտագիրը բացուեցաւ Տիկ. Լինա Արսլանեանի բարի գալուստի խօսքերով եւ Վերապատուելի՝ Սերոբ Մկրտիչեանի աղօթքով։ Աշակերտները իրենց արտասանութիւններով, փոքրիկ ներկայացումներով, երգերով ու խանդավառութիւն հրահրող պարով ելոյթ ունեցան փոխն ի փոխ եւ աւարտեցին «Երեւան-Էրեբունի» երգով։

Տիար Զաւէն Խանճեան խօսք առնելով ըսաւ. «Նկատեցի շատերդ «Դուխով» շապիկներ հագած էք այսօր, այդպէս ամէն առաւօտ «Դուխով» եկէք դպրոց սորվելու»։ Ապա ան անդրադարձաւ դպրոցի բարերարներ՝ Օրիորդներ Շարլոթ եւ Էլիզ Մերտինեաններուն, որոնք կեանքի խնայողութիւնը նուիրաբերած են վարժարանիս հիմնադրութեան գործին։ Անտարակոյս պէտք է յիշել նաեւ Ամերիկայի Հայ Աւետարանական Ընկերակցութեան բարենպաստ դերին մասին։

Տնօրէնուհի Տիկ. Արսլանեան իր շնորհակալութեան խօսքերը ուղղեց հայերէնի բաժանմունքի ուսուցիչներուն, գրադարանի պատասխանատուին, Ծնողա-ուսուցչական մարմինին։ Ապա, հրաւիրեց Առաջնորդ Հայրը, որ իր պատգամով ու օրհնութեան աղօթքով եզրափակէ յայտագիրը։

ԹՂԹԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ՎԱՐԺԱՐԱՆԷՆ

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին