«Զարթօնք» Հայրենիքի Մէջ – 8 –
ՆՈՐԱՅՐ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ
«Զարթօնք»ի Արցախի Աշխատակից
Արցախի մէջ կայացած է Հայկազեան հայագիտական հանդէսի 38րդ հատորի շնորհանդէսը: Հանդիպումը նաեւ առիթ էր համահայկական խնդիրներու, այդ մարտահրաւէրները յաղթահարելու ճանապարհին հայութեան տարբեր հատուածներու ընելիքներուն մասին խօսելու համար: Լիբանանի Հայկազեան համալսարանը այս ճանապարհին արդէն գործընկերներ ունի նաեւ Արցախի մէջ՝ ի դէմս Արցախի պետական համալսարանի եւ Արցախի արտաքին գործոց նախարարութեան:
Հայկազեան համալսարանը 1955 թուականին հիմնադրուած է: Կարողացած է դիմանալ ժամանակի ու նաեւ պատերազմի փորձութեան եւ այսօր իր ուրոյն տեղը ունի Լիբանանի կրթական համակարգին մէջ: Մանրամասնութիւնները Արցախի պետական համալսարանին մէջ կայացած հանդիպումին յիշեցուցած է Արցախի Մայր բուհի նախագահ Արմէն Սարգսեանը: Ան հիւրերուն ներկայացնելու դժուարութիւն չունի: Ոչ միայն Մերձաւոր Արեւելքի մէջ հայկականութեան պահպանման, այլեւ տարածման օճախ է Սփիւռքի մէջ գործող միակ հայկական համալսարանը, կը գնահատէ Արցախի պետական համալսարանի նախագահը՝ Արմէն Սարգսեանը:
Հայագիտութիւնը Հայկազեան համալսարանի գլխաւոր ուղղութիւններէն մէկն է: Կատարուած աշխատանքները ի մի կը բերուին Հայկազեան հայագիտական հանդէսին մէջ: Հայկազեան հայագիտական հանդէսը 1970 թուականէն լոյս կ’ընծայուի՝ տարեկան պարբերականութեամբ: Հանդէսի պատասխանատու խմբագիր Անդրանիկ Տագէսեանը կ’ընդգծէ՝ հանդէսը շատոնց արդէն դուրս եկած է զուտ Լիբանանի հայ համայնքի շրջանակներէն: Խնդիրը ամբողջ Սփիւռքի, նաեւ հայութեան տարբեր հատուածներու մարտահրաւէրներուն անդրադառնալն է: Բնականաբար, Արցախն ալ այդ ծիրին մէջ է: Ջաւախքը եւս կը ներառուի, եւ Սփիւռքի տարբեր գաղթօճախներուն մէջ առկայ դժուարութիւնները կը ներկայացուին: Կը բացուին հայագիտութեան մէջ ոչ մինչեւ վերջ բացայայտուած էջեր, կը ներկայացուին այն ինչ այսօր ալ կը շարունակէ արդիական մնալ:
Լոյս ընծայուած է հանդէսի 38րդ հատորը: Արցախի մէջ Հայկազեան հայագիտական հանդէսի շնորհանդէս երրորդ անգամ ըլլալով կը կազմակերպուի: Արցախը եւս պարբերաբար կը ներկայացուի հանդէսի էջերուն մէջ: Ներսէս քահանայ Ասրեանը Հայկազեանի հետ գործակցութեան յաջող փորձ ունի: Ներկայացուցած է Հայ առաքելական եկեղեցւոյ մէջ Արցախի թեմի պատմութիւնը, խորհրդային տարիներուն ունեցած դժուարութիւնները: Յատկապէս երիտասարդ հետազօտողերուն կոչ կ’ընէ օգտուելու այդ հնարաւորութենէն: Նոյն կոչը կրկնեցին նաեւ շնորհանդէսին ներկայ գտնուող կրթութեան, գիտութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Նարինէ Աղաբալեանն ու մշակոյթի, երիտասարդութեան հարցերու եւ զբօսաշրջութեան նախարար Լեռնիկ Յովհաննիսեանը: Իսկ Արցախի Մայր բուհի փրոֆէսորները շնորհաւորանքներու հետ նաեւ իրենց աշխատանքները նուիրեցին Հայկազեան համալսարանի ներկայացուցիչերուն: Հայկազեան համալսարանի նախագահ Փոլ Հայտոսթեանը համալսարանի անցած ուղիին մասին շատ չխօսեցաւ: Փոխարէնը պատմեց ներկայ հնարաւորութիւններուն մասին: «Արցախը հայութեան առաջնագիծը կը պահէ, Պէյրութի մէջ Հայկազեանն ու լիբանանահայ համայնքն ալ մէկ այլ առաջնագիծ կը պահեն: Մեր երազանքն է միացեալ հայրենիքի վերածնունդը: Այդ մէկը կ’ըլլայ: Եւ այդ օրը պէտք է մեր Սփիւռքն ալ կուռ եւ ուժեղ ըլլայ»,- կարեւորած է Փոլ Հայտոսթեանը:
Արցախի Մայր բուհն ու Հայկազեան համալսարանը գործակցութեան փորձ ունին: Փաստացի ունեցածին փաստաթուղթի տեսք տուած են: Արմէն Սարգսեանն ու Փոլ Հայտոսթեանը գործակցութեան յուշագիր կը ստորագրեն՝ առանձնացնելով հիմնական ուղղութիւնները՝ համատեղ ծրագիրներ, ուսանողներու եւ դասախօսներու փոխանակումներ: Գործակցութեան մէկ այլ յուշագիր Հայկազեանի տնօրէնը ստորագրած է Արցախի արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ: ԱԳՆ անունով յուշագիրը ստորագրած է արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեանը: Յուշագիրի շրջանակներուն մէջ կողմերը պայմանաւորուած են, մասնաւորապէս, անհրաժեշտ միջոցներու ձեռնարկել՝ ապահովելու Լիբանանի Հայկազեան համալսարանին մէջ ԱԳՆ աշխատակիցներու վերապատրաստումը՝ նպաստելու Արցախի դիւանագէտներու մասնագիտական հմտութիւններու զարգացման:
Հայկազեան համալսարանի ներկայացուցիչներուն հետ Արցախ ժամանած եւ հանդիպումներու շարքին մասնակցած է նաեւ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ Արցախի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ Կարօ Քեպապճեանը:
Ստեփանակերտ