«ԶԱՐԹՕՆՔ», ԼԻԲԱՆԱՆ – Ազգային ազատ հոսանք շարժումի առաջնորդ Ժպրան Պասիլ Չորեքշաբթի լաւատեսութիւն յայտնեց, որ կառավարութեան կազմաւորման մէջ առկայ փակուղին անյապաղ պիտի յանգի յարմարագոյն լուծումի՝ հիմնուած քաղաքական պլոքներու արդար ներկայացուցչութեան եւ ազգային համերաշխութեան վրայ:
«Հիմա, յիրաւի, երկխօսութեան ժամանակն է, եւ ես անձամբ լաւատես եմ, որ մենք կ’ուղղուինք յարմարագոյն լուծումի՝ հիմնուած արդարութեան, ստոյգ ներկայացուցչութեան եւ ազգային համերաշխութեան վրայ: Մենք հետամուտ ենք կազմաւորելու այնպիսի կառավարութիւն մը, որ հաստատապէս կը ներառէ բոլոր կողմերը՝ առանց խտրութեան»,- ըսաւ Պասիլ մամլոյ հեռարձակուող ասուլիսի ժամանակ:






