«ԶԱՐԹՕՆՔ», ԼԻԲԱՆԱՆ – Այսօր խումբ մը սուրիացի գաղթականներ, կազմակերպութեամբ Լիբանանի Ընդհանուր անվտանգութեան, պիտի վերադառնան Սուրիա: Այս մասին կը տեղեկանանք գործակալութեան յայտարարութենէն:
Չորեքշաբթի հրապարակուած յայտարարութեան համաձայն՝ վերադարձը կը մեկնարկէ առաւօտեան ժամը 6ին Լիբանանի տարածքին շարք մը հաւաքակայաններէ: Հանրակառքերը պիտի մեկնին Մաարատէն (Թրիփոլի), Ապպուտիէէն (Աքքար), Քամել Եուսեֆ Ժապեր մշակութային եւ ընկերային կեդրոնէն (Նապաթիէ), Սայտայի եւ Պուրճ Համուտի մարզադաշտերէն, ինչպէս նաեւ Մասնաա սահմանային անցակէտէն (Պեքաա) եւ Ուատի Հմայետ ստուգակէտէն (Արսալ):






