Ձախէն՝ Սեդրակ Քիւրէճեան, Սեւակ Յակոբեան, Վերապատուելի Գարակէօզեան, եւ Տոքթ. Աւետիս Տաքեսեան
ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային նորընտիր Վարչութիւնը կրօնապետերու այցելութեան ծիրէն ներս երէկ պատուիրակութեամբ մը այցելեց ՄԱՀԱԵՄ Նախագահ Վերապատուելի Մկրտիչ Գարակէօզեանին:
Այցելութիւնը առիթ մըն էր կողմերուն միասնաբար քննարկելու լիբանանահայութեան յոյզերն ու դիմագրաւած խնդիրները:
Վերապատուելին յիշեցուց, թէ ինչպէս ժողովուրդի բաղկացուցիչ տարրերուն դասակարգային պատկանելիութիւնը փոխուեցաւ տարիներու ընթացքին, ուր միջին դասակարգը այլեւս գրեթէ գոյութիւն չունի, որ հիմնական դեր կը խաղայ ինչպէս երկրի մը զարգացման մէջ նոյնքան հաւաքականութեան մը բարօրութեան պարագային:
Հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան նաեւ միութենական եւ կրթական մարզերու դիմագրաւած դժուարութիւնները ու հարցերու լուծումներու հեռանկարներ:
Աւարտին Վերապատուելի Գարակէօզեան յաջողութիւն մաղթեց ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային նորակազմ Վարչութեան: