Հինգշաբթի, 26. 02. 2026

spot_img

Պասիլ Լաւատեսութիւն Կը Յայտնէ, Որ Կառավարութեան Կազմաւորման Խնդիրը Պիտի Յանգի Յարմարագոյն Լուծումի

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ԼԻԲԱՆԱՆ – Ազգային ազատ հոսանք շարժումի առաջնորդ Ժպրան Պասիլ Չորեքշաբթի լաւատեսութիւն յայտնեց, որ կառավարութեան կազմաւորման մէջ առկայ փակուղին անյապաղ պիտի յանգի յարմարագոյն լուծումի՝ հիմնուած քաղաքական պլոքներու արդար ներկայացուցչութեան եւ ազգային համերաշխութեան վրայ:
«Հիմա, յիրաւի, երկխօսութեան ժամանակն է, եւ ես անձամբ լաւատես եմ, որ մենք կ’ուղղուինք յարմարագոյն լուծումի՝ հիմնուած արդարութեան, ստոյգ ներկայացուցչութեան եւ ազգային համերաշխութեան վրայ: Մենք հետամուտ ենք կազմաւորելու այնպիսի կառավարութիւն մը, որ հաստատապէս կը ներառէ բոլոր կողմերը՝ առանց խտրութեան»,- ըսաւ Պասիլ մամլոյ հեռարձակուող ասուլիսի ժամանակ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին