Հինգշաբթի, 26. 02. 2026

spot_img

Հարիրի Եւ Նասրալլա Դուռը Բաց Ձգեցին Կառավարութեան Կազմաւորման Խնդիրի Լուծման Համար. Պըրրի

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ԼԻԲԱՆԱՆ – Խորհրդարանի նախագահ Նապիհ Պըրրի երեսփոխաններու հետ շաբթական դրութեամբ ունեցած հանդիպումին ըսաւ, որ Հըզպալլա կուսակցութեան գլխաւոր առաջնորդ Հասան Նասրալլան եւ վարչապետի պաշտօնակատար Սաատ Հարիրին դուռը ամբողջապէս բաց ձգեցին կառավարութեան կազմաւորման գործընթացին առկայ փակուղիի լուծման համար: Այս մասին կը տեղեկանանք Պըրրիի տեղեկատուական գրասենեակի յայտարարութենէն:
Յայտարարութեան մէջ կը նշուի նաեւ, որ խորհրդարանի նախագահը հաղորդած է արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ժպրան Պասիլին կառավարութեան կազմաւորումը խոչընդոտող մեխի՝ 6 սիւննի երեսփոխաններու ներկայացուցչութեան խնդիրի լուծման ուղղութեամբ յարմարաւէտ միջոցներու ձեռնարկելու հետ կապուած իր դիրքորոշումը:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին