Չորեքշաբթի, 25. 02. 2026

spot_img

Իրանի Մէջ «Մետաղադրամներու Սուլթանը» Մահապատիժի Ենթարկած Են Տնտեսութիւնը Քայքայելու Մեղադրանքով

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ԼԻԲԱՆԱՆ – Իրանի մէջ Նոյեմբեր 14ին կախաղանի միջոցով մահապատիժի ենթարկած են երկու հոգի: Իշխանութիւնները զանոնք մեղադրած են արտարժոյթի եւ ոսկեդրամներու հետ կապուած մեքենայութիւններու մէջ: Այդ մասին, ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրես»ը, գրած է «Financial Times» թերթը:

«Մետաղադրամներու սուլթան» մականունով Ուահիտ Մազլումինը եւ իր մեղսակից Մուհամատ Ղազեմին Իսլամական յեղափոխական դատարանի կողմէ մահապատիժի դատապարտուած են Հոկտեմբերին «մեծ ծաւալով արտարժոյթներու եւ ոսկեդրամներու ապօրինի գործարքներու եւ մաքսանենգութեան» միջոցով «տնտեսական, արժութային եւ դրամական համակարգերու քայքայման» համար:

Իրանի «Fars» պետական լրատուական գործակալութեան տուեալներու համաձայն՝ Մազլումինը, որ ոսկիի կամ արտարժոյթի առեւտուրի թոյլտուութիւն չէ ունեցած, ստեղծած է երկրին մէջ մեծագոյն ընդյատակեայ ցանցը:

Մազլումինի ցուցումով` իր թիմը գնած է ոսկեդրամներ՝ բարձրացուած գիներով անոնց հետագայ վաճառքի նպատակով, որով ան շուրջ 2 թոն ոսկեդրամ հաւաքած է: Մազլումինը այս տարի աւելի կանուխ մէկ տասնեակ մարդոց հետ կալանաւորուած էր, երբ իրանական ռիալի փոխարժէքը սկսած էր կտրուկ իջնել երկրի նկատմամբ ԱՄՆի պատժամիջոցներու նոր փուլի սպասումներուն պատճառով, հաղորդած է «Ինթերֆաքս»ը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին