Երկուշաբթի, 07. 07. 2025

spot_img

Թող Որ Լիբանանի Պատմութեան Մէջ Բացուած Ճերմակ Էջերը Իրենք Ըլլան Հիմնականը Մինչ Սեւ Էջերը Ըլլան Բացառութիւն

Լիբանանը երէկ ականատես եղաւ պատմական հաշտութեան մը, որ տեղի ունեցաւ Մարատա Հոսանքի եւ Լիբանան Ուժեր Կուսակցութեան միջեւ: Հաշտութիւնը հովանաւորեց Մարոնիներու Պատրիարք Քարտինալ Պըշարա Ռաաին:

Մինչ լիբանանեան քաղաքական բեմը կ՛ապրի երկուութիւններ եւ անհասկացողութիւններ, անցեալի ոխերիմ թշնամիներ Սուլէյման Ֆրանժիէ եւ Սամիր Ժաաժաա, ձեռք-ձեռքի տուին վերջ տալով 40 տարի տեւած թշնամական արիւնալի պատմութեան:

Այս առիթով ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւնը կը շնորհաւորէ լիբանանցիները ընդհանրապէս եւ քրիստոնեաները մասնաւորաբար այս պատմական հաշտութեան առիթով, մաղթելով որ լիբանանցի բոլոր ղեկավարներն ալ նշեալ երկու մարդոցմէ օրինակ քաղեն:

Կը մնայ յուսալ, որ Լիբանանի պատմութեան մէջ բացուած ճերմակ էջերը իրենք ըլլան հիմնականը մինչ սեւ էջերը ըլլան բացառութիւն: 

 

ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւն

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին