Նոյեմբեր 14ին Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան եւ Հայկազեան համալսարանի միջեւ ստորագրուած է համագործակցութեան մասին յուշագիր:
ԱԳՆ անունով յուշագիրը ստորագրած է ԱԳ նախարար Մասիս Մայիլեանը, իսկ Հայկազեան համալսարանի անունով՝ համալսարանի նախագահ Վերապատուելի Դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանը:
Յուշագիրի ծիրէն ներս կողմերը պայմանաւորուած են մասնաւորապէս անհրաժեշտ միջոցներու ձեռնարկել՝ ապահովելու Լիբանանի Հայկազեան համալսարանին մէջ ԱԳՆ աշխատակիցներու վերապատրաստումը՝ նպաստելու Արցախի դիւանագէտներու մասնագիտական հմտութիւններու զարգացման:






