«ԶԱՐԹՕՆՔ», ԼԻԲԱՆԱՆ – Խորհրդարանի նախագահ Նապիհ Պըրրի երեսփոխաններու հետ շաբթական դրութեամբ ունեցած հանդիպումին ըսաւ, որ Հըզպալլա կուսակցութեան գլխաւոր առաջնորդ Հասան Նասրալլան եւ վարչապետի պաշտօնակատար Սաատ Հարիրին դուռը ամբողջապէս բաց ձգեցին կառավարութեան կազմաւորման գործընթացին առկայ փակուղիի լուծման համար: Այս մասին կը տեղեկանանք Պըրրիի տեղեկատուական գրասենեակի յայտարարութենէն:
Յայտարարութեան մէջ կը նշուի նաեւ, որ խորհրդարանի նախագահը հաղորդած է արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ժպրան Պասիլին կառավարութեան կազմաւորումը խոչընդոտող մեխի՝ 6 սիւննի երեսփոխաններու ներկայացուցչութեան խնդիրի լուծման ուղղութեամբ յարմարաւէտ միջոցներու ձեռնարկելու հետ կապուած իր դիրքորոշումը:






