«ԶԱՐԹՕՆՔ», ԼԻԲԱՆԱՆ – Իրանի մէջ Նոյեմբեր 14ին կախաղանի միջոցով մահապատիժի ենթարկած են երկու հոգի: Իշխանութիւնները զանոնք մեղադրած են արտարժոյթի եւ ոսկեդրամներու հետ կապուած մեքենայութիւններու մէջ: Այդ մասին, ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրես»ը, գրած է «Financial Times» թերթը:
«Մետաղադրամներու սուլթան» մականունով Ուահիտ Մազլումինը եւ իր մեղսակից Մուհամատ Ղազեմին Իսլամական յեղափոխական դատարանի կողմէ մահապատիժի դատապարտուած են Հոկտեմբերին «մեծ ծաւալով արտարժոյթներու եւ ոսկեդրամներու ապօրինի գործարքներու եւ մաքսանենգութեան» միջոցով «տնտեսական, արժութային եւ դրամական համակարգերու քայքայման» համար:
Իրանի «Fars» պետական լրատուական գործակալութեան տուեալներու համաձայն՝ Մազլումինը, որ ոսկիի կամ արտարժոյթի առեւտուրի թոյլտուութիւն չէ ունեցած, ստեղծած է երկրին մէջ մեծագոյն ընդյատակեայ ցանցը:
Մազլումինի ցուցումով` իր թիմը գնած է ոսկեդրամներ՝ բարձրացուած գիներով անոնց հետագայ վաճառքի նպատակով, որով ան շուրջ 2 թոն ոսկեդրամ հաւաքած է: Մազլումինը այս տարի աւելի կանուխ մէկ տասնեակ մարդոց հետ կալանաւորուած էր, երբ իրանական ռիալի փոխարժէքը սկսած էր կտրուկ իջնել երկրի նկատմամբ ԱՄՆի պատժամիջոցներու նոր փուլի սպասումներուն պատճառով, հաղորդած է «Ինթերֆաքս»ը:






