«ԶԱՐԹՕՆՔ», ԼԻԲԱՆԱՆ –Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի ընթացքին կողմերուն միջեւ արիւնալի դէպքերու պատճառով մշտական հակամարտութեան մէջ գտնուող Լիբանանեան ուժերու եւ Մարատա շարժումի առաջնորդներ՝ Սամիր Ժաաժաա եւ Սլէյման Ֆրենժիէ Չորեքշաբթի հաշտութեան պատմական հանդիպում մը ունեցան Պքերքէի մէջ՝ բարձր հովանաւորութեամբ մարոնիներու պատրիարք Պշարա Ռաաիի:
Ժաաժաաի եւ Ֆրենժիէի կողմէ հաշտութեան հետ կապուած մանրամասնութիւնները պարզող համատեղ յայտարարութիւնը աւելի ուշ ընթերցեց մարոնի եկեղեցւոյ եպիսկոպոսներէն մին, ուր մասնաւորաբար ըսուած է. «Մարատա շարժումը եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնը պատրաստակամութիւն կը յայտնեն փակելու հին էջերը եւ հաստատակամ քայլերով ուղղուելու դէպի նոր ապագայ՝ ի նպաստ երկրի գերագոյն շահերուն»:






